image

Երաշխիք չկայ…

Երաշխիք չկայ…

«Մենք կորսնցուցած ենք ամբողջական հասարակութեան պատկերը։ Այսօր Հայաստան կը նմանի փա-խըստականներու մեծ ճամբարի մը, ուր մարդիկ կը սպասեն զանազան անցակէտերու բացման ու չմորթուելու երաշխիքներու։ Այսօրուան աշխարհը, սակայն, երաշխիքներ չի տար, նայեցէ՛ք Մերձաւոր Արեւելքին։ Ամբողջական հասարակութեան փոխարէն՝ մենք ունինք տարբեր ենթամշակոյթներու բաժնուած մարդոց զանգուած. մեծարգոներու ենթամշակոյթ, անտարբերներու ենթամշակոյթ, յոյսը կորսնցուցածներու ենթամշակոյթ, պայքարողներու ենթամշակոյթ, գացողներու ենթամշակոյթ եւ այլն»։

Այս բոլորի լոյսին տակ վերլուծաբանը համոզուած է, թէ ապագային հաւանական նոր ղեկավարութեան խնդիրներէն մին պիտի ըլլայ՝ այս հատուածները վերամիաւորել ամբողջական հասարակութեան մը մէջ՝ ստեղծել ներքին հաշտեցման հնարաւորութիւն եւ միասնական նպատակներ։ «Նախկին թէ ներկայ» հակադրութիւնը այս պարագային դուրս կը մղուի, կու գայ միակ հարցը՝ ո՞վ պիտի կարենայ այս բանը ընել։ Նախկի՞ն կ՚ըլլայ, ներկա՞յ, ապագա՞յ, այդ չէ էականը, այլ՝ կը կարողանա՞յ արդեօք։ Ո՞վ կը կարենայ վերականգնել այս հասարակութիւնը այնպէս, որ դարձեալ հաւատայ ինքն իրեն ու սկսի վերականգնել սեփական պետութիւնը։

 

 

 

Ճիշդ է հրապարակագիր Վահէ Յովհաննիսեանը, որ կը խօսի հայու ներքին ուժին մասին։ Խնդիրը, անշուշտ, այդ ներքին ուժը կտոր-կտոր ընելու, զայն մասերու բաժնելու եւ անոնցմէ մաս հանելով «պիոփսի»ի ուղարկելու մասին չէ, այլ խնդիրը այդ ուժը ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ տանելուն մէջ է։ Այսօր այդ հաւաքական ջիղը կը բացակայի։ Կան, ի հարկէ, որոշ փորձեր, սակայն, այդ փոքրիկ արուները բաւարար ուժ չունին հաւաքական հոսանք մը ստեղծելու։

Անցեալ տարի մարդ կոյր պէտք է ըլլար չտեսնելու համար այն փորձը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Հազարաւոր մարդիկ, որոնք հաւատքի կաթիլ մը ունէին, եկած էին լսելու Բագրատ սրբազանը, որ իր ունեցած ամբողջ ներուժը վառեց մի քանի վայրկեաններու ընթացքին։ Սխա՞լ էր սրբազանը՝ վստահ չեմ, անտեղի՞ էր անոր հնչեցուցած սպառնալիքը կամ կոչը՝ չեմ կրնար ըսել, սակայն, ապահով եմ, թէ սրբազանն ու անոր ներուժին հաւատացածները մեծագոյն սխալներ գործելով կամաց-կամաց տապալեցին այդ շարժումը։ Ու տապալման այդ գործողութիւնը տեղի կ՚ունենար, որովհետեւ շարժման անդամները յստակ ծրագիր մը չէին դրած իրենց առջեւ։ Անոնք կը հաւատային ու հաւանաբար հիմա ալ կը հաւատան, թէ շարժումի մէկ «քրիթիք» պահուն նոր հունի մէջ պիտի մտնէր իրենց գործը ու պիտի հասնէին ցանկալի աւարտին՝ իշխանափոխութեան։ Կարծես պահ մը անոնք մոռցան, թէ իրենց որդեգրած գործելաոճը, որ առաւելաբար կը խօսէր «յանկարծ կացութիւնը կը փոխուի»ի ընդհանուր տրամադրութեամբ կամ տրամաբանութեամբ, միշտ չէ, որ կը յաջողի ու այդպէս ալ տապալեցաւ շարժումը։

Այս շարժումին մասին յիշեցի ո՛չ անոր համար, որ շատ մեծ եռանդ կայ մէջս Հայաստանի տագնապներու բովէն անցնելով հասնելու նոր իշխանութեան մը հաստատման, այլ այն պատճառով, որ մասնաւորապէս այս փուլին Հայաստանի ներքին որեւէ ցնցում չի բխիր պետութեան շահերէն։

Այս բոլորէն անդին, վերադառնալով հայու ներքին ուժին, որուն յաճախ Հայաստանի մէջ «հայու վերջին խելք»ը կ՚ըսեն, ապա սա կապ ունի ժողովուրդի ներքին մղումներուն, նկարագրի գիծերուն ու այն երեւոյթներուն հետ, որոնք այսօր պաշարած են զինքը։ Արտաքին ազդակներ, ներքին գործօններ, աշխարհագրական դիրքեր ու անոնց կողքին ալ երկրի շուրջի գործընթացները։ Ու այստեղ յաճախ երեւելի կը դառնայ, որ մենք՝ հայերս մէկդի դնելով ամէն տեսակի տուեալ՝ դարձեալ մղում կու տանք մեր ներքին ուժին։ Այդ ներքին ուժը, որ յաճախ չի յաջողիր արտաքին ճակատի վրայ, կը գործածենք ներքին ճակատը վառ պահելու համար։ Կը սկսինք զիրար հարուածել, զիրար նախատել ու անպայման կը պատրաստենք իրական գետին մը՝ զոհելու համար մեզմէ ոեւէ մէկը։ Նոյն այդ մէկը, որ կարծէք դուրսէն եկած ըլլար՝ մեր հանգիստն ու խաղաղ կեանքը խանգարելու։

Կը մոռնանք այսօրուան աշխարհի խնդիրները, փոխկապակցութիւնները եւ մանաւանդ՝ ազդեցութեան գօտիներն ու ազդեցութիւնները։ Կը մոռնանք, որովհետեւ չենք ուզեր ուղիղ կերպով նայիլ մեր շուրջ կուտակուած հիմնահարցերուն։ Շատ լաւ գիտենք, որ «Մոսկուան մէկ օրուայ մէջ չէ կառուցուած», բայց, նաեւ կ՚ուրանանք, որ այս ժամանակներուն Մոսկուան առաջուանը չէ։ Կամ թէ մեր «հարեւան» Թուրքիոյ հետ խօսելու կամ հասարակաց շահ ու լեզու գտնելու դրոյթին վրայ կը թափենք մեր ողջ պատմութեան ցաւն ու տագնապը ու կը սկսինք հաւատալ, թէ մենք անոր համար վաղուց նախատեսած ենք «թշնամի»ի կոչում մը, իսկ ռուսին մէջ նկատած ենք «փրկչական» գործ մը՝ ուրանալով, անշուշտ, որ ժամանակն է, որպէսզի իրողապէս շտկենք մեր մէջքը ու հեռու մնանք պիտակաւորումներէ եւ այդ պիտակաւորումներուն գերին ու ստրուկը չդառնալու համախտանիշէն։

Զարմանալի ժողովուրդ չե՞նք։ 

Ու այս բոլորը հասկնալով հանդերձ, դիտարկելով հանդերձ, թէ մեր ունեցած ներքին ուժը պարտաւոր է ունենալ այսօրուայ աշխարհի լեզուամտածողութիւնը, մեր բոլոր ձախողումները կը համարենք հետեւանքը՝ մութ ուժերու սեւ գործերուն։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, տխուր է, որ Ղարաբաղի ցաւոտ պատերազմէն շուրջ հինգ տարի անց, տակաւին չենք ուզեր առերեսուիլ իրականութիւններուն հետ ու մեզմէ ոմանք ալ հրապարակներուն վրայ կը գոռան, թէ «Կիրանցով հասնելու ենք Ստեփանակերտ…»։

Այս որոնումներուն մէջ, այս իրավիճակը հաշուի առնելով՝ յստակ է, անշուշտ, որ մենք տակաւին պատրաստ չենք դաս քաղելու ու այնքան ժամանակ, որ մեր մէջ քնացած եւ այսօր ոտքի կանգնած «պարտուած հայը» պիտի շարունակէ սղոցել նոյնիսկ այն ծառը, որուն վրայ նստած ենք բոլորս…։

Ի դէպ, այս նիւթին շուրջ կարեւոր խորհրդածութիւններ ըրած է Վահէ Յովհաննիսեան՝ հետեւեալ խորագրով. ««Նախկի՞ն թէ ներկայ» բանավէճի փոխարէն՝ ամենակարեւոր հարցը»։

«Միքայէլ սրբազան (Շիրակի թեմակալ առաջնորդ) հանրային սուր բանավէճի լաւ հնարաւորութիւն բացաւ։ Կրնաս համաձայնիլ կամ ոչ. էականը այդ չէ, այլ՝ սա լաւ առիթ է խօսելու համար հասարակութեան վիճակի մասին։ Ի վերջոյ, երբ կ՚ըսենք՝ հասարակութիւնը ա՛յս կ՚ուզէ, ա՛յս կը պահանջէ, պէտք է փորձել հասկնալ, թէ ի՛նչ է այսօրուան հասարակութիւնը։ Որո՞ւ անունով է առկայ բանավէճը։ Մենք իրօք լաւ չենք ճանչնար «պարտուած հայ»ը, խորհրդային 70 տարիները եւ անկախութեան 30 տարիները մեզի մոռցնել տուած էին պարտութեան հոգեվիճակը։ Կը թուէր, թէ պարտութիւնը մեզի օտար, ուրիշներուն բնորոշ բան մըն էր։ Հիմա մենք կ՚առերեսուինք «պարտուած հայու»ն եւ պարտուած հասարակութեան հետ։ Իսկ եթէ այդ հայը ոչինչ կ՚ուզէ կամ սարսափելի վատ բան կ՚ուզէ, ապա մենք գիտե՞նք անոր փլուզման, կազմալուծման ուժին, կարողութեան մասին», նշած է վերլուծաբանը։

Խորհրդածութեան տեւողութեան ան կը շարունակէ. «Առաջին անգամ այս մասին մտածած եմ 9 նոյեմբերէն ետք՝ Արցախի հասարակութեան անկումը տեսնելով։ Այդ արդէն նախկին հպարտ ու բանական Արցախը չէր։ Ու նաեւ սա յանգեցուց ճգնաժամային կառավարման ձախողման, պատմական սուղ ժամկէտի մէջ պատմական փլուզումներու։ Կը վախնամ ըսելու, բայց, իմ տպաւորութեամբ՝ մեր հաւաքական միտքը արդէն համակերպած է պետութեան կորուստին։ Նոյնիսկ առողջ շերտերը, նոյնիսկ պայքարողները արդէն թերահաւատ են մեր երկրի ապագային հանդէպ։ Հաւանական նոր ղեկավարութեան հիմնական խնդիրը այս հոգեվիճակը փոխելը պիտի ըլլայ։ Ապագայ ղեկավարութեան թիրախը պիտի ըլլայ այս խնդիրը եւ եթէ մենք ընդունինք այս բանը, ապա նախկին-ներկայ բանավէճը զերօ կը դառնայ։ Այս հոգեվիճակով հասարակութիւնը ո՛չ նոր կ՚ուզէ, ո՛չ նախկին, ոչ ալ ներկայ։ Իսկ այսպէս, մեզ կ՚առաջնորդէ աղէտը»։

Ըստ վերլուծաբանին՝ այստեղ կու գայ ամենակարեւոր ու ամենաբարդ պահը. ինչպէ՞ս փոխել պարտուած հասարակութեան հոգեվիճակը։ Իր շարժման ամենասկիզբին Բագրատ սրբազան այդ գործընթացին բաւականին յաջող սկսաւ եւ յուսահատութեան թօթափման մեծ ալիք մը գոյացաւ հասարակութեան մէջ։ Սա շարժման զգացական փուլն էր։ Ինչպէ՞ս պէտք էր շարունակել այդ փուլը, որպէսզի մարդիկ իրօք հաւատային պետութեան հեռանկարին։ Այստեղ արդէն մարդիկ կ՚ակնկալեն տրամաբանական, հիմնաւորուած քաղաքական առաջարկներ եւ յստակ քայլերու շարք մը, որպէսզի հաւատան, թէ այդ քայլերուն շնորհիւ երկիրը կ՚ունենայ հեռանկար։ Ան կը շարունակէ.

«Մենք կորսնցուցած ենք ամբողջական հասարակութեան պատկերը։ Այսօր Հայաստան կը նմանի փա-խըստականներու մեծ ճամբարի մը, ուր մարդիկ կը սպասեն զանազան անցակէտերու բացման ու չմորթուելու երաշխիքներու։ Այսօրուան աշխարհը, սակայն, երաշխիքներ չի տար, նայեցէ՛ք Մերձաւոր Արեւելքին։ Ամբողջական հասարակութեան փոխարէն՝ մենք ունինք տարբեր ենթամշակոյթներու բաժնուած մարդոց զանգուած. մեծարգոներու ենթամշակոյթ, անտարբերներու ենթամշակոյթ, յոյսը կորսնցուցածներու ենթամշակոյթ, պայքարողներու ենթամշակոյթ, գացողներու ենթամշակոյթ եւ այլն»։

Այս բոլորի լոյսին տակ վերլուծաբանը համոզուած է, թէ ապագային հաւանական նոր ղեկավարութեան խնդիրներէն մին պիտի ըլլայ՝ այս հատուածները վերամիաւորել ամբողջական հասարակութեան մը մէջ՝ ստեղծել ներքին հաշտեցման հնարաւորութիւն եւ միասնական նպատակներ։ «Նախկին թէ ներկայ» հակադրութիւնը այս պարագային դուրս կը մղուի, կու գայ միակ հարցը՝ ո՞վ պիտի կարենայ այս բանը ընել։ Նախկի՞ն կ՚ըլլայ, ներկա՞յ, ապագա՞յ, այդ չէ էականը, այլ՝ կը կարողանա՞յ արդեօք։ Ո՞վ կը կարենայ վերականգնել այս հասարակութիւնը այնպէս, որ դարձեալ հաւատայ ինքն իրեն ու սկսի վերականգնել սեփական պետութիւնը։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...