image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Մարտունակ բանակը՝ խաղաղութեան միակ երաշխիքը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Մարտունակ բանակը՝ խաղաղութեան միակ երաշխիքը

Ներկայիս ժամանակը կը գործէ Հայաստանի օգտին: Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէն հասնող եւ տակաւին սպասուող զինատեսակները Հայկական բանակը կը դարձնեն աւելի մարտունկ ու պատրաստ պաշտպանելու երկրի սահմանները ու ինքնիշխանութիւնը: Իրավիճակի այս փոփոխութեան հետ հաւանաբար կապ ունի նաեւ Պաքուի հրաժարումը «Զանգեզուրի միջանցքէն» պահանջքէն: 2022-ի ան մէկ անգամ փորձեց ռազմական յարձակումով գրաւել միջանցքը, սական չկարողացաւ հասնիլ իր նպատակին: Ներկայս այդ դարձած է  աւելի դժուար իրագործելի: Ատրպէյճան օրէ-օր կը կորսնցնէ անցեալին իր ունեցած ռազմական բացառցակ առաւելութիւն Հայաստանի նկատմամբ եւ այդ է, որ ջղագրգիռ կը դարձնէ Պաքուին:

Հայաստանի իշխանութիւները կրնան հոս ու հոն զիջումներու երթալ՝ երկիրը պատերազմէն հեռու պահելու համար, սակայն երբէք չեն կրնար հրաժարիլ մարտունակ բանակ ունենալու գաղափարէն, որ միակ երաշխիքն է խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին:

Վերջին օրերուն Պաքուէն աւելի յաճախ կը հնչեն բողոքներ այն մասին, որ Հայաստան մեծ թափով կը զինուի: Նախագահ Ալիեւէն սկսեալ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Հայաստանին տրամադրուող նոր զինատեսակները սկսած են նկատել սպառնալիք իրենց համար:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս հարցին անդրադարձաւ իր վերջին ասուլիսի ընթացքին: «Ատրպէյճանը կը փորձէ Հայաստանը մեղադրել սպառազինուելու մէջ՝ քօղարկելու իր սպառազինուելու հարցը», ըսաւ Փաշինեան աւելցնելով, որ որեւէ պետութիւն ունի ուժեղ եւ մարտունակ բանակ ունենալու իրաւունք:

Պաքուն մտահոգուելու պատճառ ունի, այն իմաստով որ երկար տարիներ ան միակողմանի զինուելով, կարողացաւ ձեռք ձգել ռազմական գետնի վրայ առաւելութիւն ու հասնիլ իր նպատակներուն: Այս կացութիւնը արդէն սկսած է որոշ չափով փոխուիլ:

Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային Խաղաղութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի (SIPRI) հրապարակած տուեալները լոյս կը սփռեն այն իրողութեան վրայ, որ ամբողջ տասնամեակ մը Հայկական Զինուած Ուժերու սպառազինումը ու արդիական զէնքերով օժտումը չեն արժանացած պատշաճ ուշադրութեան ու չեն ընթացած մեծ պատերազմի հաւանականութեան համապատասխան:

Համաձայն Հիմնարկի հրապարակած  տուեալներուն, 2011-2020 թուականներու ընթացքին Պաքուն ներմուծած է 3 միլիառ 274 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն, Հայաստանը՝ 398 միլիոն տոլարի:  Հայաստանեան ներմուծումներու գերակշիռ մասը՝ 248 միլիոն տոլարի սպառազինութիւնը իրականացուած է 2018 թուականի Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ՝ 2019-ին: Այսպիսով, մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը  Ատրպէյճան ծախսած է 10 անգամ աւելի քան Հայաստան: Սպառազինութեան այս յարաբերակցութիւնն է, որ պատճառ դարձաւ 2020-ին Հայկական կողմի կրած պարտութեան:

2024 տարուան պետական պիւտճէով Հայկական բանակին համար տրամադրուած է 1.4 միլիառ տոլար, որ դարձեալ կը զիջի Ատրպէյճանի պիւտճէին, որ կը նախատեսէ 3.77 միլառ տոլար ռազմական յատկացում, սակայն տարբերութիւնը էականօրէն փոխուած է: Երբ նկատի ունենանք, որ Հայաստան գումարները կը ծախսէ պաշտպանելու համար իր տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ Պաքուն կը պատրաստուի նոր պատերազմի, այդ պարագային սպառազինման  հաւասարակշռութիւնը կը մտահոգէ Պաքուի բռնապետին:

Ներկայիս Երեւան կը կարողանայ աւելի մեծ գումարներ ծախսել իր բանակին վրայ, շնորհիւ տնտեսութեան մէջ  արձանագրուող յառաջխաղացքին եւ պետական գանձին մէջ մուտքագրուող հարկերուն եւ տուրքերուն, որոնք անցեալին մեծ մասամբ կ՛երթային անհատներու գրպանը:

Ներկայիս ժամանակը կը գործէ Հայաստանի օգտին: Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէն հասնող եւ տակաւին սպասուող զինատեսակները Հայկական բանակը կը դարձնեն աւելի մարտունկ ու պատրաստ պաշտպանելու երկրի սահմանները ու ինքնիշխանութիւնը: Իրավիճակի այս փոփոխութեան հետ հաւանաբար կապ ունի նաեւ Պաքուի հրաժարումը «Զանգեզուրի միջանցքէն» պահանջքէն: 2022-ի ան մէկ անգամ փորձեց ռազմական յարձակումով գրաւել միջանցքը, սական չկարողացաւ հասնիլ իր նպատակին: Ներկայս այդ դարձած է  աւելի դժուար իրագործելի: Ատրպէյճան օրէ-օր կը կորսնցնէ անցեալին իր ունեցած ռազմական բացառցակ առաւելութիւն Հայաստանի նկատմամբ եւ այդ է, որ ջղագրգիռ կը դարձնէ Պաքուին:

Հայաստանի իշխանութիւները կրնան հոս ու հոն զիջումներու երթալ՝ երկիրը պատերազմէն հեռու պահելու համար, սակայն երբէք չեն կրնար հրաժարիլ մարտունակ բանակ ունենալու գաղափարէն, որ միակ երաշխիքն է խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին:

 

Գրիգոր Խոտանեան 

«Մասիս»