Ուքրանիան պիտի ըլլայ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, բայց Եւրոպան՝ ոչ, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ Ուքրանիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Քիթ Քելլոկ։
«Կը քննարկուին Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու տարբերակներ, սակայն վերջնական որոշումը կը պատկանի Թրամփին»,- նշած է ան։
«Ուքրանիոյ պատերազմը պէտք է վերջանայ մէկ տարիէն ալ շուտ, ես կը պահանջեմ 180 օր բոլոր կողմերը ներգրաւելու համար»,- ըսած է Քելլոկ։
«Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ պատերազմին Ուքրանիոյ կորուստները երեք անգամ գերազանցած են Միացեալ Նահանգներու կորուստները Վիեթնամի եւ Քորէայի մէջ միասնաբար (Միացեալ Նահանգները ունեցած է շուրջ 94 հազար - խմբ.): Թրամփ կը ցանկայ դադրեցնել այդ»,- ընդգծած է ան։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթան յայտարարած է, որ Խաղաղութեան հաստատման բանակցութիւններուն Եւրոպական Միութիւնը պիտի կանգնի Ուքրանիոյ կողքին, որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր։