Սփիւռք ինքզինք արդարացնելու համար, պէտք է գիտակցի, որ իր գոյութիւնը անհրաժեշտ կենսունակութիւն մըն է, իր հօտը խնամելու, հովանաւորելու եւ առաջնորդելու, պէտք է որոնէ այն ուղիները, որոնք նոր սերունդին նեցուկ կը կանգնին, կ’արժեւորեն ու կը գնահատեն անոր դերը, այն հաստատակամութեամբ, որ ան, իրաւամբ, կրնայ հոգեկան, բարոյական ու ֆիզիքական անփոխարինելի ուժ մը դառնալ:
Ինչո՞ւ կը կրկնենք ու կը շեշտենք այս օրակարգին վրայ, որովհետեւ, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, կը խօսուի, կ’արձագանգուի ու կը հաստատուի երեք հիմնական կառոյցներու միասնութեան մասին, սակայն, գործնական գետնի վրայ, անոնք այնքան ալ միաձոյլ չեն, որքան ալ արտաքնապէս փորձուի ցոյց տալ հակառակը:
Ատոնք՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԱՐՑԱԽԸ եւ ՍՓԻՒՌՔՆ են:
Մեր Դիտարկումով ու Դատումով
Հայկական արդի աշխարհը տակաւ կ’ապրի խառնափնթոր, կը խարխափի անորոշութեան մէջ ու կը տուայտի իր աճող ցաւերուն մէջ:
Բոլոր տեսակի զգաստացումի կոչերը, անելներէն դուրս գալու փորձերը, վերատեսութեան ենթարկելու կարգավիճակները, մեղմ (չ)ըսած, կը մնան ձայն բարբառոյի սահմաններուն մէջ:
Մէկ կողմէն՝ Հայաստանը, միւս կողմէն՝ Սփիւռքը, իրենց խայտաբղէտ իրադարձութիւններով, տարաբնոյթ կաղացումներով եւ զանազան անհարթութիւններով, ստեղծած՝ թունաւոր մթնոլորտներով, ահաւոր եւ սարսափազդու պատկեր մը կը ներկայացնեն:
Հայաստանը, իշխանական ու քաղաքական տխեղծութիւններով ու ժխորութեամբ, Արցախը՝ հալումաշութեամբ ու ցաւատանջութեամբ, Սփիւռքը՝ բազմագլխանիութեամբ ու մակընթացութեամբ, կը կազմեն անյարիրութեան խորախոր պարունակ մը, որ ակամայ կը յիշեցնէ… Տրովադայի ձին, ուր՝ կամ ոչ ոք ծուատած է հոն եւ կամ՝ ամէն ոք ինքզինք ապահով կը զգայ, մինչ՝ հայկական իրականութիւնը կը ճմլուի ու կը ճզմուի, կը տժգունի ու կը փետրաթափուի, կը հիւծուի ու կը լերդանայ:
Փրկութեան բոլոր փորձերը, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, ոչ մէկ արդիւնք տուին, իսկ ո՞վ ըսաւ որ կան ու պիտի ըլլան երաշխիքներ, յետագային դուրս գալու մութ ու վտանգաւոր փապուղիէն, այնքան ատեն որ լոյսի եւ յոյսի նշոյլներ չկան, մերթ հոն, մերթ հոս, երբ ամենուրէք գզուըռտոցները կը խլրտին, բանավէճերը կը բռնկին, անտարբերութիւնները կը յամենան, կրաւորականութիւնները կը ծփան, հայ ժողովուրդը աւելի հեռացնելով իր էութենէն, պորտազրկելով իր կազմութենէն եւ արմատախլելով իր ինքնութենէն:
Ո՞վ կրնայ դրժել, ուրանալ, մերժել կամ հերքել, որ հայկական աշխարհը չանցնիր այս փշոտ անցարգելներէն կամ չապրիր այն մթամպածութիւնը, որ կը սողոսկի իր ներսդին ու չորսդին:
Այո՛, ոչ ոք իրաւունք ունի ինքզինք ձեւացնելու հաւկոյր կամ իր գլուխը խրելու գետնին տակ, յետոյ ալ ակնկալելու, որ ինք եւ իր հայրենիքը լաւագոյն կամ կիսալաւագոյն պայմաններու մէջ կը գտնուին, հետեւաբար, ժամանակները կրնան լուսաւորել ու պատսպարել զիրենք:
Եթէ կը կարծուի, որ չկան նման տզրուկներ շրջապատին մէջ, չարաչար կը սխալուին այդպէս մտածողները կամ… երազողները, որովհետեւ կան նման կարճատեսներ ու կողմեր, իսկ ատոնք շատ աւելի վտանգաւոր ու վնասաբեր են, քան ինչ որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը այսօր, տեղ մը՝ կամայ թէ ակամայ, ուրիշ տեղ մը՝ ստիպողաբար կամ հարկադրաբար, բայց, երկու պարագաներուն ալ, ոչ յօգուտ իր գոյութեան ու կեանքին:
Սթափ ու զուսպ հետեւողութիւն մը, քայլ առ քայլի զգուշութեամբ, խորաչափելու, թէ ի՞նչ աղէտալի հանգրուաններէ անցած է (ու կ’անցնի) հայ ժողովուրդը, կը բաւէ տեսնելու ու զգալու, թէ գէթ վերջին տարիներուն, անոր վիճակուած տխուր ճակատագիրները ինչպիսի՜ աւերներ գործեցին եւ ո՜ւր հասցուցին իր գոյավիճակը:
Հեռու չերթանք. յիշենք 44օրեայ պատերազմը, որ այնքան սուղ արժեց հայութեան:
Եթէ կար պետութիւն ու պետականութիւն, կառավարութիւն ու բանակ, ինչո՞ւ քաղաքական ու ռազմական կանխատեսումներ չկատարուեցան, վերլուծումներ ու քննարկումներ տեղի չունեցան, հեռատեսութիւն ու դիւանագիտութիւն բացակայեցան, փոխարէնը՝ «հող» շահեցան պոռոտախօսութիւնը եւ ապիկարութիւնը, սպառազինութիւնն ու թուլամորթութիւնը եւ, ամնէն ահռելին, դաւաճանութիւնն ու դաւադրութիւնը:
Ո՞վ այս բոլորին համար պատասխանատուներ հետապնդեց, պատասխանատուութիւններ ընդգծեց, պատժամիջոցներու դիմեց, կարգի հրաւիրեց ապահովական, քաղաքական, պատերազմական դէմքեր:
Խօսքը երբեք չի վերաբերիր, կարկտան տնօրինումներու կամ կամայական վճիռներու, երբ հազարաւոր նահատակներու ու վիրաւորներու, անհետացածներու ու գերեվարուածներու գնով, եղածները դարձան ոչ միայն խաղքութիւններ ու խայտառակութիւններ, այլեւ ազգային ամօթանքներ, աններելի ոտնձգութիւններ եւ անընդունելի խորշամտութիւններ:
Եթէ այս համազգային փլուզումին դիմաց, ամենէն «թոյլ» վերաբերմունքը ցուցաբերուեցաւ, ապա, յաջորդելի հաւանական թակարդները կանխելու համար, ոչի՜նչ ձեւաւորուեցաւ, ուրեմն, շա՜տ բնական էր, որ լախտի հարուածները պիտի չուշանային, եւ իրօք, ատկէ վերջ, Արցախը յանձնելու, հայաթափելու, հողազրկելու եւ անճիտելու միջոցառումները, բռնութիւնները պիտի դառնային անխուսափելիութիւններ:
Դժբախտաբար, ատոնք ալ պատահեցան եւ հայութիւնը ոչի՜նչ կրցաւ ընել, ձեռնածալ մնաց, դիտողական դիրքի մէջ, առանց կարենալու, որեւէ շարժումով ու ցնցումով, իր իրաւունքը ու դատը պաշտպանելու:
Այս պարպումն ալ չկանխատեսուեցաւ, այլ դարձաւ «զոհ»ը իշխանութիւն-ընդդիմութիւն խժալուր ու շարունակուող պայքարներուն, կարծես թէ գծուած էր «քարտէս»ը, որուն դէմ ոչ ոք կրնար կանգնիլ, աւելի ճիշդ՝ պատկան կողմեր այլ ելք չունէին բացի համակերպելու անոնց:
Արցախի իշխանութիւնները կրնայի՞ն բան մը ընել, երբ ցեցերը ներսէն կը խլրտէին, կը կճճէին, կը խայթէին ու կը գրգռէին, իսկ այնտեղ կը գործէին լրտեսական ցանցեր, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներով, հայերը ստրկացնելու ու մերկացնելու գնով, զանոնք… զգետնելու:
Ինչո՞ւ այս արագ ու սեղմ թուումները, պարզապէս ցոյց տալու համար, որ հայութիւնը որքան անզօր եւ անպաշտպան հորիզոնականներու վրայ կը գտնուէր, կը ճեմէր, մինչդեռ զինք պառակտողները ու փճացնողները, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, ազգակործան ընթացքներու մէջ էին (եւ՝ ե՛ն):
Բայց, ո՞վ ըսաւ որ ամէն ինչ վերջացած է եւ այս ձեւով նոր փուլ մը չի հիւսուիր, ճիշդ է, այդ փուլը կայ, սակայն, ի՞նչ գնով, սրութեամբ ու կտրականութեամբ, հո՛ս է հարցերուն-հարցը:
Արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները, քաղաքական ուժերը ու յամառ ընդդիմախօսները կ’անդրադառնա՞ն, թէ հայրենական նաւը ո՞ւր կը տանին եւ այս անգամ դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդեն զայն:
Ներկայ տուեալներով եւ արժեչափերով, կը կասկածինք, որ կայ այդ գիտակցութիւնը եւ իրատեսութիւնը, որովհետեւ իշխանութիւնը կը մնայ «ես եմ»ի իր դիրքերուն վրայ, իսկ ընդդիմութիւնը կը շարունակէ յանկերգել իր խռպոտ լոզունգները, իսկ ուրիշ մը կը յոխորտայ, թէ ինքն է հայութեան փրկութեան (՞) լիցքը եւ միայն իր հանգանակութիւններով կրնայ հասնիլ իր նպատակին, մինչ անդին, Արցախահայութիւնը կը մնայ հայրենական աներդիք հովանոցի մը ներքեւ, չտեսնելով դէպի իր օճախները վերադառնալու ճանապարհներն ու դռները:
Այս մշուշոտ ու մթամպած կացութեան մէջ, երբ ամէն ինչ, գոյութենականութեան եւ անսասանութեան առումներով, ինչ որ տեղ, կը թուին ըլլալ ստուերոտ կամ նոյնիսկ հարցականամէտ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ Հայաստանը, իր ներկայ սահմաններով պահել անառիկ կամ մօտալուտ ու մահացու հարուածներէ զայն փրկել:
Այս հարցադրումներուն պատասխանները ունենալու համար, երբեք ժամանակը չէ անտեղի մեծախօսութիւններով ու փխրուն հայրենասիրութիւներով հանդէս գալ, քանի որ ատոնք այսօրուան հայութեան մարտահրաւէրներուն ոչինչով կ’օգնեն, ընդհակառակը, կրնան յաւելեալ անկումներ առաջացնել:
***
Այս թոհուբոհին մէջ, երբեք միամտութիւնը պէտք չէ ունենալ, որ Սփիւռքը «հարսնցու»ի կամ «պարիկ»ի դերի մէջ է, ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, անոր վարած (ու վարելի) քաղաքականութիւնը պարզապէս ինքնադրոշմուի, ինքնապահպանումի եւ ինքնակերտումի վարքագիծն է, որուն այնքան հրատապ անհարժեշտութեան կարիքը կայ, սակայն, ան ալ, մէկէ աւելի մարզերու մէջ կը խլրտայ, կը տքնի, ահազանգող իր ցաւերով…:
Սակայն, զգո՛յշ, Սփիւռքը ամբողջութեամբ ալ «առողջ» չէ, ունի «հիւանդկախ» կողմեր, որոնցմէ ձերբազատուելու համար, պարտադիր է վերատեսութեան ենթարկել իր ամբողջ էութիւնն ու կազմաւորումը, դուրս գալով հնաբոյր ոճերէն, վերանորոգելով ինքզինք, երիտասարդանալով, համախմբուելով, միանալով ու զօրանալով:
Նորութի՞ւն է այս պահանջքը, անշուշտ, ո՛չ, սակայն, մնայուն է զայն դուրս բերել իր միջակութիւններէն, ոլորապտոյտներէն եւ անշարժութիւններէն, բարեկարգելով իր տեսիլքները, թարմացնելով իր ուժերը, վերակազմակերպելով իր կառոյցները, զօրակցելով նորակոչիկներուն, մէկ խօսքով՝ Սփիւռքը դարձնելով հզօր ներկայութիւն մը, իր ամբողջական ներուժով, ազգադրոշմ ամրակուռ յենակներով, հայրենական հասարակաց հիմունքներով եւ ընդհանրապէս միասնական անխախտ խարիսխներով:
Սփիւռքը՝ իր բազմակառոյց ու բազմատեսակ ընդերքներէն դուրս պէտք է գայ, միշտ ինքզինք պահելով այն համայնական ոստաններուն մէջ, որ զինք աւելի կ’աշխուժացնէ, կը գօտեպնդէ, կը լիցքաւորէ ու կը լիացնէ ազգային կեանքով ու կառչածութեամբ, հայրենական ոգիով ու շունչով, համակեցութեան շուքով ու սլացքով:
Սփիւռք ինքզինք արդարացնելու համար, պէտք է գիտակցի, որ իր գոյութիւնը անհրաժեշտ կենսունակութիւն մըն է, իր հօտը խնամելու, հովանաւորելու եւ առաջնորդելու, պէտք է որոնէ այն ուղիները, որոնք նոր սերունդին նեցուկ կը կանգնին, կ’արժեւորեն ու կը գնահատեն անոր դերը, այն հաստատակամութեամբ, որ ան, իրաւամբ, կրնայ հոգեկան, բարոյական ու ֆիզիքական անփոխարինելի ուժ մը դառնալ:
Ինչո՞ւ կը կրկնենք ու կը շեշտենք այս օրակարգին վրայ, որովհետեւ, քիչ մը ամէն տեղ եւ ամէն առիթով, կը խօսուի, կ’արձագանգուի ու կը հաստատուի երեք հիմնական կառոյցներու միասնութեան մասին, սակայն, գործնական գետնի վրայ, անոնք այնքան ալ միաձոյլ չեն, որքան ալ արտաքնապէս փորձուի ցոյց տալ հակառակը:
Ատոնք՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԱՐՑԱԽԸ եւ ՍՓԻՒՌՔՆ են:
Այնքան ատեն որ՝
- Հայաստանը, իր ներհայկականութեամբ ու ներքաղաքականութեամբ «պառակտուած» է, ամէնօրեայ ճակատումները զինք կը պահեն անջատողական, անհաղորդական եւ անժողովրդական ուղիներու վրայ:
- Արցախը կը մնայ թեւածեալ՝ աջ ու ձախ, առանց կարենալու թառիլ իր ոսկեբոյներէն ներս, երբեմն ալ անտիրութեան եւ անհոգութեան թողլքութիւններուն մէջ խարխափելով:
- Սփիւռքը կը գալարուի այնպիսի յորձանուտներուն մէջ, որոնք իր հզօրութեան արմատներուն չեն կրնար տալ այն կենդանի ատաղձը, որուն այնքան կարիքը ունի:
Հետեւաբար, ընթացքը, որուն մէջ կը սաւառնին այս եռանիւ առանցքները, հրամայական պահանջքը ունին տեղաշարժուելու, միաւորուելու եւ արդիւնաբերուելու, այլապէս.
- Ամէն ինչ փուճ է եւ չի՛ք լաւատեսութիւն… ցնոր տնօրինում:
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)