image

«Քուրսքի գործողութիւնը կ՚ընթանայ ըստ ծրագրուածի». Զելենսքի 


«Քուրսքի գործողութիւնը  կ՚ընթանայ ըստ ծրագրուածի». Զելենսքի   


Քուրսքի գործողութիւնը կը կատարէ իր խնդիրները եւ կ'ընթանայ ըստ ծրագրուածին։

Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

«Ինչ կը վերաբերի Փոքրովսքի եւ Թորեցքի ուղղութիւններուն առկայ դժուարութիւններուն, մենք կը կարծենք, որ Քուրսքի գործողութիւնը նոյնպէս կրնայ ազդել անոր վրայ։

Սրացումներու նուազում կրնայ տեղի ունենալ ռուս զինուորականներու թուաքանակի նուազման պատճառով։ Բայց առայժմ այնտեղ դժուար է»,- ըսած է ան։

Զելենսքի նաեւ նշած է, որ Ուքրանիան արդէն կ'արտադրէ բազմաթիւ հեռահար անօդաչու թռչող սարքեր եւ կը մշակէ հրթիռային ծրագիր, սակայն չունի բաւարար միջոցներ՝ արտադրութեան ծաւալները մեծցնելու համար։