image

« Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութիւնը դժբախտաբար յաճախ մնաց լոզունգային».Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան

« Հայաստան, Արցախ,   Սփիւռք եռամիասնութիւնը  դժբախտաբար  յաճախ մնաց  լոզունգային».Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան

Համահայկական հարթութեան յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն միշտ խոշորացոյցի տակ են։ Անոնք հիմնովին կը հարցաքննուին՝ մասնաւորապէս Արցախի մատնուած կացութեան ու մանաւանդ՝ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Այսօր շատեր կ՚անդրադառնան, որ երկար տարիներ փառաբանուած՝ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը իրականութեան մէջ լոզունգ մըն էր։ Սփիւռքեան աւանդական կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն սոյն հարցերը, որոնց կապակցութեամբ շօշափեցինք Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տքթ. Համբիկ Սարաֆեանի կարծիքը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։

*

-Երկար ժամանակէ ի վեր հանրային կեանքին մէջ դերակատար էք, նաեւ սփիւռքը լաւ կը ճանչնաք։ Կան խօսակցութիւններ, ըստ որոնց ներկայիս Հայաստան-սփիւռք կապերը խզուած են։ Այս մէկը որքա՞ն կը համապատասխանէ իրականութեան։

Նախ պէտք է բնորոշենք կապ հասկացողութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ Հայաստան-սփիւռք կապը։ Ատկէ կրնանք հետեւցնել, թէ խզում կա՞յ, թէ ոչ, սե՞րտ է, թէ ոչ։ Հարցը այն է, որ որեւէ իշխանութեան շրջանին, դժբախտաբար, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու կարգաւորուած ընթացք չկրցանք նկատել։ Հակառակ բոլոր Հայաստան-սփիւռք համաժողովներուն, մօտեցումներուն, փորձերուն, երբեք համակարգուած յարաբերութիւններ չստեղծուեցան։ Իբր այդ, սփիւռք հասկացողութիւնը չդարձաւ միասնակամ օրկանի մասին վկայող գոյակցութիւն։ Ստեղծուեցան բազմաթիւ սփիւռքներ եւ իւրաքանչիւր սփիւռք առաջնահերթութիւններ, իւրայատկութիւններ ունեցաւ։ Միաւորող երկու բան կար՝ մէկը ցեղասպանութեան խնդիրն էր, միւսը՝ Արցախի հարցը։ Հոս կ՚ուզեմ նշել, որ Արցախի հետ կապուած եռամիասնութեան հարցը՝ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, դժբախտաբար լոզունգային ըլլալէ անդին չգնաց։ Այդ պատճառով, հիմա կապը չէ խզուած, բայց պատերազմի շրջանին ստեղծուած բուռն շարժումը եւ եռանդը չկան։ Նոյնն էր պարագան 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն, երբ կար համընդհանուր ոգեւորութիւն, ինչ որ աւելի ուշ մարեցաւ։ Այլապէս՝ ըսել, որ կապ մը կար եւ խզուեցաւ կամ կար փոխյարաբերութիւն մը, որ հիմա աւելի նուազ մակարդակի վրայ կը գտնուի, կարծեմ, իրապաշտ չէ։

 

-Յատկապէս սփիւռքի մէջ հայ-թրքական նիւթը միշտ ուշադրութեան կիզակէտին եղած է…

Այստեղ պէտք է բոլորին խոհեմութիւնը՝ յատկապէս սփիւռքի մէջ հասկնալու համար, որ հիմա ի՛նչ են մեր առաջնահերթութիւնները եւ ի՛նչ են առկայ վտանգները։ Այսօր Հայաստանը իսկապէս վտանգուած է։ Այդ գործնական վտանգի գիտակցութիւնը պէտք է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ սփիւռքի մէջ։ Ատկէ ելլելով է, որ մեր մօտեցումները պէտք է կարողանանք դասաւորել կամ ձեւաւորել։ Անվիճելի է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է անպայման բնականոնացուին՝ առանց որեւէ նախապայմանի։

 

-Այս մօտեցումը կը յայտնէ՞ք ձեր շարքերուն կամ ԱՄՆ-ի շրջանակներուն։ Արձագանգը ի՞նչ եղած է։

Անշուշտ, կը յայտնենք եւ բազմիցս հրապարակային ելոյթներով խօսած ենք, մեր յայտարարութիւններուն մէջ ալ այդ մասին նշած ենք։ Արձագանգը, գոնէ մեր կուսակցական շարքի առումով, դրական է, ըմբռնում կայ, գիտակցութիւն կայ։ Այսօր, Հայաստան կը գտնուի չափազանց վտանգաւոր իրավիճակի մը մէջ։ Եւ տակաւին ակնկալել եւ անցեալի նման մտածել եւ նոյն ձեւով պահանջներ դնել ո՛չ միայն անիրատես է այս հանգրուանին, այլեւ՝ վնասաբեր Հայաստանի համար։ Այս գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ նաեւ բոլորին մօտ։ Այսօրուայ մեր դրութիւնը բոլորին հասկնալի պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չենք կրնար զոհել ամենակարեւորը՝ հայրենիքը։

 

-Որքա՞ն օգտակար կը նկատէք ՍԴՀԿ-ի մասնակցութիւնը արտախորհրդարանական ուժերու հաւաքներուն։ Այդտեղ ի՞նչ է ձեր առաջարկը եւ քաղաքական հանգանակը՝ նկատի ունենալով, որ գործող իշխանութիւններուն սատարող ուժ էք։

Սատարել չի նշանակեր, թէ բոլոր երեւոյթներուն համաձայն ենք, բայց ընդհանուր համագործակցութիւն, բնականաբար եւ վստահաբար, տեղի կ՚ունենայ։ Այն հարցերը, որոնք կը կարծենք, թէ լուծումներ պէտք է գտնեն, երբեմն կ՚արծարծենք։ Արտախորհրդարանական ուժերու մեր մասնակցութիւնը կը համարենք արդիւնաւէտ՝ այն պատճառով, որ սա կուսակցութեան հնարաւորութիւն կու տայ վարչապետին հետ անմիջականօրէն տեսակէտներ բաժնելու, նաեւ օրակարգ ձեւաւորելու։ Շատ առողջ է արտախորհրդարանական ուժերու ժողովներու ընթացքին տեղի ունեցող բանավէճը, նաեւ հարցերու անկաշկանդ քննարկում կ՚իրականանայ։ Ես ատենին նշած եմ, որ երանի այդ նոյն քննարկման ոգին Հայաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունենար կամ հիմա տեղի ունենայ, որպէսզի շատ աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ։

 

-Տարբեր առիթներով յայտնած էք, որ կողմ էք սփիւռքահայութեան մասնակցութեան Հայաստանի ընտրութիւններուն։ Այսօր այդ կարծիքի՞ն էք։

Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք արտասահման կ՚ապրին, պէտք մասնակցին երկրի ընտրութիւններուն։ Մինչեւ 2003 թուականը այդ իրաւունքը կար, սակայն, յետոյ այդ իրաւունքը վերացաւ, որովհետեւ օրուան իշխանութիւններուն համար նպաստաւոր չէր։ Միւս կողմէ, չեմ կարծեր, թէ նոյնիսկ երկքաղաքացիութիւն ունեցող սփիւռքահայը, որ Հայաստանի մէջ իր պարտաւորութիւնները չէ կատարած եւ չի կատարեր, իրաւունքը ստանայ այլ երկրի մը քաղաքական կեանքի որոշումներուն վրայ ազդելու։ Սա կը վերաբերի մանաւանդ սփիւռքի այն գաղութներուն, ուր մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Օրինակ՝ Ռուսաստանի հայերը, որոնք երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանէն դուրս կ՚ապրին, կրնան ուղղակիօրէն ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ՝ առանց իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարած ըլլալու կամ առանց Հայաստանի մէջ ապրելու։ Ընտրութեան կարեւոր գործառոյթը այն է, որ ընտրողը որոշում կ՚առնէ՝ ելլելով իր մօտեցումներէն եւ ակնկալութիւններէն։ Չեմ կարծեր, թէ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ ես դուրսը բնակելով որոշեմ Հայաստանի ժողովուրդին ապրելակերպը։ Սփիւռքահայը եղած է եւ պէտք է մնայ Հայաստանին օժանդակող, աջակցող ուժ։

 

-Դարձեալ խօսինք հայ-թրքական առանցքին շուրջ։ Լաւատեսութիւն ունի՞ք այդ գործընթացին կապակցութեամբ՝ մանաւանդ, որ զարգացումները կը կատարուին լոյսերէ հեռու եւ փակ օղակներու մէջ։

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները քանի գոյութիւն չունին, ուստի գոյութիւն չունեցող բանը կորսնցնելու վտանգ չկայ։ Կը մնայ, որ դրական արձագանգներ ըլլան։ Անշուշտ, շատ բարդ է պատկերը, բոլորը պէտք է հասկնան այս մէկը։ Մեզի համար շատ կարեւոր է այսօր մեր դրացիներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալը, որովհետեւ կղզիացած վիճակի մէջ ենք։ Ինչպէս վերը նշեցի՝ գործընթացը շատ բարդ է, որովհետեւ Թուրքիա նկատի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի շահերը, նկատի պիտի ունենայ իր շահերը, նկատի պիտի ունենայ Ռուսաստանի շահերը եւ հաւասարակշռուած փոխյարաբերութիւն պիտի ստեղծէ։ Այնպէս որ, չենք կրնար ըսել, թէ ինչո՛ւ փակ է կամ չի հրապարակուիր, քանի որ այն արդիւնքները, որոնց պէտք է սպասուին, քայլ առ քայլ տեղի պիտի ունենան փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ։ Շատ են այս գործընթացին վերաբերեալ քննադատութիւնները, որոնք ճիշդ եւ արդար չեն, որովհետեւ դրացիներուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալը՝ նոյնիսկ հակառակորդ երկիրներու հետ, շատ կարեւոր է, որովհետեւ այդպէսով կը կարողանանք կանխատեսելի յարաբերութիւններ ունենալ եւ գիտնալ, թէ ի՛նչի կը սպասուի։ Վերջապէս, պէտք է բան մը հասկնանք. պատմականօրէն մենք միշտ գերագնահատած ենք Թուրքիոյ ներուժը, իսկ վերջին քսանհինգ տարիներուն թերագնահատած ենք Ատրպէյճանի վտանգը եւ տեսանք, որ ուրկէ եկաւ վտանգը… Այսօր, Հայաստանի իշխանութեան բացարձակապէս ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ Թուրքիան՝ հակառակ որոշ մարդոց պնդումներուն (…)։ Շատ մեծ առիթներ ունէր այդ մէկը ընելու համար եւ չըրաւ, որովհետեւ հետաքրքրուած չէ, որովհետեւ իրեն համար աւելի մեծ գլխացաւ է Հայաստանը գրաւելը՝ քան անոր հետ յարաբերութիւն ունենալը։ Ատրպէյճանն է, որ այսօր մեծ վտանգ կը սպառնայ եւ բոլորս ուշադրութիւն պէտք է սեւեռենք այդ հարցին վրայ եւ անոր շուրջ պէտք է միասնակամ մօտեցում ցուցաբերենք, որպէսզի սփիւռքի մէջ կարողանանք նոյն լեզուով, մէկ ձայնով խօսիլ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս