image

«Զանգեզուրի միջանցք»ը մեզի համար անփոխարինելի նախագիծերէն է. Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

«Զանգեզուրի միջանցք»ը մեզի համար անփոխարինելի նախագիծերէն է. Թուրքիոյ փոխադրութեան նախարար

«Զանգեզուրի միջանցք»ը մեզի համար անփոխարինելի նախագիծերէն է. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն:

«Այդ «միջանցքի» իրականացմամբ ուղիղ կապ պիտի ապահովուի Ատրպէյճանի, թրքական պետութիւններու եւ Հեռաւոր Արեւելքի հետ», - նշած է ան։

ՀՀ իշխանութիւնները բազմիցս պատրաստակամութիւն յայտնած են ապաշրջափակելու բոլոր ճանապարհները եւ հաղորդակցութեան ուղիները, սակայն ընդգծած են, որ ատոնք պէտք է ըլլան տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան ներքոյ: