Յունաստանի մէջ հայկական նիւթերու թուայնացման նոր ծրագիր մը կեանքի կոչուած է: Ստեղծուած է «Գանձարան» կայքէջը, որը «Ազատամարտ» միութեան նախաձեռնութիւնն է: Զայն կը ներկայացնէ «Ազատամարտ» միութեան կողմէ հրատարակուող «Արմէնիքա» պարբերաթերթի թուային արխիւը, որ կը պարունակէ Յունաստանի մէջ ապրող հայերու հրատարակչական գործունէութեան մասին հարուստ նիւթեր՝ 20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը։
Բացի մամուլի եւ գիրքերու ներկայացումէն, կայքէջին մէջ տեղ գտած են նաեւ յատուկ հրատարակութիւններ, յունական մամուլի արձանագրութիւններ, ձեռագիրներ, փաստաթուղթեր եւ ձեռնարկներու յայտագիրներ։ Թերթերը, պարբերաթերթերը եւ գիրքերը, որոնց մէկ մասը կու գայ 19-րդ դարէն, պահպանուած են անձնական հաւաքածոներու մէջ, շնորհիւ խղճմիտ հայրենակիցներու, ինչպէս նաեւ հաւաքական ջանքերով՝ գաղութային կառոյցներուն կողմէ:
Ընդհանրապէս, «Արմէնիքա» պարբերաթերթի գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ յունահայ գաղութի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ փրկութիւնը։
Նոր ստեղծուած «Գանձարան»ը թանկագին տեղեկութիւններու աղբիւր է՝ ինչպէս մեր ազգի պատմութեան, այնպէս ալ՝ Յունաստանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին առընչութեամբ:
Ինչպէս տեղեկացանք՝ այս շտեմարանի ստեղծմամբ ոչ միայն հաւաքագրուած են պատմական գանձերը, այլ նաեւ զանոնք մատչելի դարձուցած են հանրութեան եւ հետաքրքրուող անձերուն՝ ելեկտրոնային միջոցներու կիրարկումով։
Երկու տարուան հետեւողական եւ սպառիչ աշխատանքէ ետք, «Արմէնիքա» հանրութեան տրամադրութեան տակ դրաւ այս ելեկտրոնային գրադարան-արխիւը՝ kantsaran.gr անունով։
Թուայնացումի այս յոյժ կարեւոր աշխատանքը, որ մեկնարկեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նիւթական աջակցութեամբ, առայժմ կը պարունակէ 750 հրատարակութիւններու յատկանշական հաւաքածոյ մը, որ տարածուած է 17.000 էջերու վրայ։ Թերթերը, պարբերաթերթերը, գիրքերը, յատուկ հրատարակութիւնները եւ ձեռագրերը մաս մը միայն կը կազմեն յունահայութեան հրատարակչական հսկայ աշխատանքին, մանաւանդ միջպատերազմեան շրջանի ընթացքին։
Այս հրատարակութիւններու բաժին մը եզակի նմուշներ են, որոնք կարելի չէ գտնել այլ գրադարաններու կամ հաւաքածոներու մէջ։ Իւրաքանչիւր արխիւ դասաւորուած է ըստ տեսակի, վերնագրի եւ թուականի՝ անոր կցելով մասնայատուկ նկարագրական մը։
Ինչպէս տեղեկացանք՝ միութիւնը նպատակ ունի kantsaran.gr գրադարանը շարունակաբար օժտել թուայնացած նոր արխիւներով, որպէսզի իւրաքանչիւր հետաքրքրուող անձ եւ հետազօտող հնարաւորութիւն ունենայ տեղեկութիւն քաղել Յունաստանի հայ համայնքի պատմութեան եւ մշակութային ինքնութեան մասին։
Մասնագէտներուն համաձայն, արխիւներու թուային պահպանումը վախճանական ժամկէտ չունի, ի տարբերութիւն թուղթին, որ ժամանակի ընթացքին փճացումի եւ կորստեան կը մատնուի։ Այս իրականութեան տակ, «Գանձարան»ի թուայնացման աշխատանքը կ՚երաշխաւորէ Յունաստանի հայ համայնքի հրատարակչական հարուստ գործունէութեան յաւերժական պահպանումը։
«Ազատամարտ» մշակութային միութիւնը հիմնուեցաւ 1990-ական թուականներու սկիզբին։ Իր գործունէութեան դաշտը կ՚ընդգրկէ հրատարակչական, մշակութային, գիտական եւ արխիւային մարզերը։ 1989-էն շարունակաբար կը հրատարակէ յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթը, որուն շուրջ բոլորուած են մեծ թիւով ժրաջան գործակիցներ եւ համակիրներ։ Միութիւնը գործակցութեան կապեր ստեղծած է Յունաստանի եւ արտասահմանի համապատասխան միութիւններու, համալսարաններու, ինչպէս նաեւ թանգարաններու հետ Հայաստանի եւ Եւրոպայի տարածքին։
Նաեւ, միութիւնը հրատարակած է մօտ քսան գիրքեր՝ հայկական նիւթերու կապակցութեամբ, առաւել՝ կազմակերպած է մեծ թիւով պատմական նիւթով հանդիպումներ, նկարչական ցուցահանդէսներ եւ այլ հրապարակային ներկայացումներ Յունաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ։
Մասնագէտներ անոր գրադարանը կը համարեն յունահայ համայնքի ամէնէն լրիւ, ընդգրկուն եւ բազմալեզու հաւաքածոն։