image

Գիւմրիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան 30 մարտին

Գիւմրիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան  30  մարտին

Կառավարութիւնը վաղաժամկէտ դադրեցուց Գիւմրիի աւագանիի լիազօրութիւնները։ ՀՀ ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն՝ աւագանիի նոր ընտրութիւններ պիտի նշանակուին։

Կառավարութեան հիմնաւորմամբ, Գիւմրի համայնքի աւագանիի վերջին նիստը գումարուած է 2024 թուականի սեպտեմբեր 9-ին: Ըստ օրէնքի՝ կառավարութիւնը կրնայ վաղաժամկէտ դադրեցնել աւագանիի լիազօրութիւնները, եթէ հերթական նստաշրջանի ընթացքին աւագանիի նիստերը երեք ամիսէն աւելի չեն գումարուիր: Եռամսեայ ժամկէտը լրացած է դեկտեմբեր 10-ին:

Արտահերթ ընտրութիւններ նշանակելու որոշումն ուժի մէջ պիտի մտնէ փետրուար 20-ին, իսկ ընտրական օրէնսգիրքը կը սահմանէ, որ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայացուին փետրուար 20-էն ետք ոչ շուտ քան 30 եւ ոչ ուշ քան 40 օր անց։ Սա կը նշանակէ, որ Գիւմրիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները պիտի կայանան մարտ 30-ին։

Գիւմրիի մէջ կառավարման ճգնաժամ առաջացած էր նոյեմբերէն, երբ «Բալասանեան» դաշինքը մանթատները վար դրաւ։ Գիւմրիի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը իրականացուց նախնական ընտրութիւններ՝ քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակելու համար։ Ներկուսակցական նախնական ընտրութիւններուն յաղթեց անկուսակցական Սարիկ Մինասեանը։

Փաշինեանը անոր պիտի նշանակէ Գիւմրիի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար դեկտեմբեր 13-ին։