image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանը դրական կը գնահատէ ԱՊՀ-ի մէջ համագործակցութեան ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերը. Մհեր Գրիգորեան

Երեւանը դրական կը գնահատէ ԱՊՀ-ի մէջ համագործակցութեան ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերը. Մհեր Գրիգորեան

Հայկական կողմը դրական կը գնահատէ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) շրջածիրէն ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան ներուժի ընդլայնմանն ուղղուած ռուսական կողմի կառուցողական ջանքերը։ Այս մասին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ըսած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը։

Ան նշած է, որ անհրաժեշտ է բարենպաստ պայմաններ ստեղծել Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ)  երկիրներու տնտեսութիւններու մրցունակութիւնն ապահովելու եւ մասնակից պետութիւններու տնտեսվարող ենթականերու միջեւ արհեստագիտական վերափոխումներու համագործակցութեան զարգացման համար։

Գրիգորեանը կարեւոր համարած է նաեւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու միջեւ փոխադրային համալիրի թուային վերափոխման ոլորտի մէջ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումը։

«Փաստաթուղթը ենթադրում է տրանսպորտային տեղեկատուական ոլորտի զարգացում եւ առաջադէմ տեղեկատուական ու հեռահաղորդակցական տեխնոլոգիաների ներդրում, ինչը, անկասկած, կը նպաստի լոգիստիկ ծառայութիւնների արդիականացմանը Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ)  ողջ տարածքում», - ըսած է ան։

Փոխվարչապետն ընդգծած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու միջեւ փոխադարձ առեւտուրի խոչընդոտներու վերացման ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը՝ հաշուի առնելով ազգային շահերը եւ այս պարունակին մէջ կարեւորած բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբի գործունէութեան աշխուժացումը։

Գրիգորեանն ընդգծած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հայկական նախագիծի կարեւորութիւնը։ Այս նախագիծի նպատակն է տարածաշրջանի առեւտրատնտեսական ներուժի լիարժէք իրացումը՝ ինչպէս Արեւելք-Արեւմուտք, այնպէս ալ Հիւսիս-Հարաւ ուղղութեամբ փոխադրային եւ կապի ենթակառուցուածքներու տարածաշրջանային համակարգի ստեղծման ճանապարհով։

«Համոզուած եմ, որ նախագծի իրականացումը լիովին  համապատասխանում է մեր բոլոր երկրների շահերին»,- նշած է ան։