Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւն անդրադարձած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, յայտարարած՝ որոշակի հարցեր դեռ բաց են, սակայն ատոնք կը դիտարկուին աշխատանքային կարգով, կողմերու արտաքին գործոց նախարարութիւնները քննարկումներ կը վարեն: Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը շեշտած է՝ երկու երկրի միջեւ պատերազմի գործօն այլեւս չկայ, հաղորդած է ատրպէյճանական Report գործակալութիւնը։
Ան նաեւ նշած է՝ Երեւանն ու Պաքուն բանակցութիւններ կը վարեն եւ այդ հարցով միջնորդներու կարիք չունին: «Ընդհակառակը՝ երրորդ կողմի միջամտութիւնը տարածաշրջանի գործերուն կը վնասէ յարաբերութիւններու կարգաւորման»,- ըսած է Հաճիեւը:
Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը միաժամանակ բողոքած է Հայաստան-Ֆրանսա գործակցութենէն պաշտպանական ոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութենէն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին:
Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան Առաքելութեան մասին
Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան առաքելութեան գործունէութիւնը պէտք է դադրեցուի, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան տեղակայման անհրաժեշտութիւն չկայ, անոր գործունէութիւնը պէտք է դադրեցուի։ Այս առաքելութեան տեղակայումը համաձայնեցուած է Պրահայի մէջ (2022-ի հոկտեմբերին – խմբ.) Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի, Հայաստանի ղեկավարներու եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի այն ժամանակուան նախագահ Շառլ Միշելի հանդիպման ժամանակ։ Այդ պահուն կողմերը պայմանաւորուած են, որ առաքելութիւնը պիտի ըլլայ կարճաժամկէտ, սակայն, ինչպէս կ՚երեւի, այն մշտական կը դառնայ, կ՚ընդլայնուի կազմն ու մանթատը»,- ըսած է Հաճիեւը։
Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման նպաստող մեխանիզմ չէ. «Երրորդ կողմի ներկայութիւնը սահմանին կը նպաստէ լարուածութեան աճին, սա մտահոգիչ է»։