Սուրիահայ լրագրող՝ Լեւոն Շառոյեանի էջէն կը կարդանք՝
Այսօր լրատու հարթակներու վրայ կը շրջի շատ կարեւոր լուր մը, որ ապահովաբար գոհունակութիւն պիտի պատճառէ ոչ միայն հալէպահայութեան, այլեւ արտասահմանի ու Հայաստանի մեր արիւնակիցներուն եւս։
Լուրին կցուած է խմբանկար մըն ալ, որ ինքնին պերճախօս է, կարելի է ըսել նոյնիսկ` ՊԱՏՄԱԿԱՆ Է, յա'տկապէս այսօրուան անցումային ու փափուկ շրջանին մէջ։
Ուրեմն, կը հաղորդուի, թէ այսօր, 9 Դեկտեմբերին, Հալէպի քրիոստոնեայ 11 համայնքներու հոգեւոր պետերը հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները ներկայացնող պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ, Լատին համայնքի առաջնորդարանին մէջ (Ազիզիէ)։ Պետական պատուիրակները լիազօր ներկայացուցիչներն էին Զինուորական Գործողութեանց Տնօրէնութեան, որ իր կարգին` անցեալ Նոյեմբեր 27֊էն ասդին ղեկավարեց ու առաջնորդեց ամբողջ Սուրիոյ դիմագիծը բարեփոխող ռազմական ու քաղաքական յեղաշրջական շարժումները։
Առայժմ մանրամասնութիւններ չունինք կայացած խօսակցութեանց պարունակութեան մասին։ Վստահ ենք սակայն, որ այս (եւ նման) տեսակցութիւններ հետզհետէ պիտի խորացնեն փոխադարձ վստահութիւնը կողմերուն միջեւ, շինիչ գործակցութեան նոր հորիզոններ պիտի բանան ընդմէջ նոր կառավարութեան ու քրիստոնեայ համայնքներուն։ Ի վերջոյ, բոլորիս, բոլորի՜ն ցանկութիւնն է, որ այս աղուոր երկիրը` Սուրիան, իր բնակչութեան գունագեղ բաղադրիչներով, քայլ առ քայլ ընթանայ դէպի բարելաւում, ազգային միասնականութիւն, յաղթահարելով լեռնակուտակ այն հոգերը, որոնք ժառանգ մնացին նախորդ իշխանաւորներէն..։
Կցուած լուսանկարին մէջ կ`երեւին Հալէպի քրիոստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներն ու անոնց օգնականները` պետական ներկայացուցիչներուն հետ։ Հայ երեք համանյքները կը ներկայացնեն Մակար արք. Աշքարեան (կեդրոնը), Մրէաթեան գերապայծառը եւ պատ. Սիմոն Տէր Սահակեան։
Լ. Շ.