image

Երկիրներու միջեւ իրական մրցավազք կ՚ընթանայ՝ ինքնիշխանութեան ամրապնդման համար․ Փութին

Երկիրներու միջեւ իրական մրցավազք կ՚ընթանայ՝ ինքնիշխանութեան ամրապնդման համար․ Փութին

Ռուսիոյ նախագահը Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի լիագումար նիստին յայտարարած է, որ երկիրներու միջեւ մրցավազք կը տեսնէ ինքնիշխանութեան ամրապնդման համար։

«Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս երկիրներու միջեւ իրական մրցավազք կը նկատուի իրենց ինքնիշխանութեան ամրապնդման համար, ընդ որում՝ երեք առանցքային մակարդակներու վրայ՝ պետական, արժէքային-մշակութային եւ տնտեսական»,-ըսած է Վլատիմիր Փութինը:

Անոր խօսքով՝ այն երկիրները, որոնք մինչեւ վերջերս հանդէս կու գային որպէս համաշխարհային զարգացման առաջնորդներ, ամբողջ ուժով կը փորձեն պահպանել գերիշխաողի դեր, որ աստիճանաբար կը կորսնցնեն։