image
Հրատապ լուրեր:

Եղանակը կը զովանայ. Կարգ մը տեղեր՝ անձրեւաթափ կը սպասուի

Եղանակը կը  զովանայ. Կարգ մը տեղեր՝ անձրեւաթափ կը սպասուի

Երեւանի մէջ գործող  «Օդերեւութաբանութեան կեդրոն» ը ներկայացուցած է յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած օդերեւոյթը:

    Երեւանի մէջ 24-ի, 26-ի եւ 29-ի Յունիսի  երեկոյեան ժամերուն քաղաքի հեռաւոր շրջաններուն մէջ կ’ակնկալուի կարճատեւ անձրեւ եւ փոթորիկ, նաեւ հովի արագութիւնը կրնայ հասնիլ 16-20 մ/վ, երեկոյեան ժամերուն 11-14 մ/վ արագութեան: 25-ին, 27-28-ին Յունիսին կ’ակնկալուի որ դադրի անձրեւը: 

Մարզերուն մէջ 24-29-ին Յունիսի կէսօրէ ետք, հեռաւոր շրջաններուն մէջ կ’ակնկալուի  կարճատեւ անձրեւ եւ փոթորիկ։ Քամին՝ հարաւ-արեւելեան՝ 2-5մ/վ, փոթորիկի ժամանակ կ’ակնկալուի  քամին զօրանայ` 18-23մ/վ արագութեամբ: Երեկոյեան ժամերուն Արագածոտնի նախալեռներուն, Արմավիրի եւ Կոտայքի մէջ կը սպասուի քամին հասնի 17-20մ/վ արագութեան։

    Օդի ջերմաստիճանը 26-27  Յունիսին    պիտի  նուազի 3-5 աստիճանով։