image
Հրատապ լուրեր:

Իտալիոյ մէջ. Պալէի աստղեր Րաֆֆի Գալստեան եւ Գոռ Սարգսեանին փայլուն եւ պատուաբեր դիրք

Իտալիոյ մէջ. Պալէի աստղեր Րաֆֆի Գալստեան եւ Գոռ Սարգսեանին փայլուն եւ  պատուաբեր  դիրք

Յունիս 21-24, Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած International Ballet Competition-Dancing Italy մրցոյթին մասնակցած են «Ալեքսանտր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի աստղեր՝ Րաֆֆի Գալստեան (մենակատար) ու Գոռ Սարգսեան, եւ երկուքն ալ գրաւած են առաջին տեղը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն։

Դատակազմը առաջին պատուոյ մրցանակը բաժնած է հայ արուեստագէտներու միջեւ, ինչպէս նաեւ անոնք հրաւէր ստացած են մասնակցելու փորձառութեան փոխանակման շարք մը ծրագրերու։