image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփի հետ հեռուստաբանավէճէն ետք դեմոկրատները քննարկած են Պայտընը այլ թեկնածուով փոխարինելու հնարաւորութիւնը. Bild

Թրամփի հետ հեռուստաբանավէճէն ետք դեմոկրատները քննարկած են Պայտընը այլ թեկնածուով փոխարինելու հնարաւորութիւնը. Bild

Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուներ Ճօ Պայտընի եւ Տանըլտ Թրամփի առաջին հեռուստաբանավէճէն ետք կը քննարկուի Պայտընը այլ թեկնածուով փոխարինելու հնարաւորութիւնը. այս մասին գրած է գերմանական Bild թերթը:

Իր ելոյթի ընթացքին Պայտըն պարբերաբար լեզուի սայթաքումներ թոյլ տուած է, ան լուրջ սխալներ չէ ունեցած, բայց ինչ-որ պահի նախագահի միտքի թելը կտրուած է, եւ Թրամփ այդ նկատած է:

«Ես իսկապէս չեմ գիտեր, թէ ան ինչ ըսաւ նախադասութեան վերջը: Եւ ես կը կարծեմ, որ ան ընդհանրապէս չի ալ յիշեր»,- կատակած է ԱՄՆ նախկին նախագահը։

Այս բանավէճէն ետք ԱՄՆ Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ քննարկում սկսած է այն մասին, թէ արդեօք հնարաւոր է Պայտընի թեկնածութիւնը հանել ընտրութիւններէն եւ փոխարինել անոր մէկ այլ թեկնածուով։ Նման քայլի համար կը պահանջուի անձամբ ԱՄՆ նախագահի համաձայնութիւնը։

Դեմոկրատական կուսակցութեան համագումարը, որուն ընթացքին վերջնականապէս պիտի որոշուի կուսակցութեան թեկնածուն, տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին։