image

Հալէպի մէջ. «Չէմպէրճեան» Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները այցելած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին

Հալէպի մէջ.  «Չէմպէրճեան» Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները այցելած են Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին

Օրերս, Կրթասիրաց «Ս. Չէմպէրճեան» Երկրդ. Վարժարանի ներկայացուցիչները այցելած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին  կը գրէ՝ 

Ուրբաթ, 21 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան անդամներ տիարք Յակոբ Աթաշեան եւ Յարութ Վարդանեան, վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի ներկայացուցիչ օրդ. Մարալ Դերձակեան եւ քարտուղարուհին։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարժարանի ներկայացուցիչները խնդրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը՝ 2023-2024 տարեշրջանի Կրթասիրացի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած վկայականաց բաշխման հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 7 Յուլիս 2024-ին։

Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն մաղթեց հանդէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Այս առիթով, ան «Քրիստոսաբանութիւն Անհատ Հաւատացեալին Ձեռատետրը» խորագիրով նորատիպ գիրքը նուիրեց վարժարանի գրադարանին եւ պատասխանատուներուն։