image
Հրատապ լուրեր:

Ասանժին ներում շնորհելու հնարաւորութիւն չի դիտարկուիր․ Սպիտակ տուն

Ասանժին ներում շնորհելու հնարաւորութիւն չի դիտարկուիր․ Սպիտակ տուն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուիքիլիքսի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժին ներում շնորհելու հնարաւորութիւնը չի դիտարկեր։ Այդ մասին յայտարարած են Սպիտակ տունէն։

«Ոչ, նման բան չի քննարկուիր»,-ըսած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարին Ժան-Փիէրը։

Յիշեցնենք, որ WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի դէմ յարուցուած գործը կարճուած է: Անոր կը սպառնար 175 տարուան ազատազրկում:

Հաղորդուած էր, որ Ասանժի ազատ արձակումը հնարաւոր դարձած է ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան հետ գործարքի շնորհիւ: Դատարանէն ներս Ասանժն ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է լրտեսութեան մասին օրէնքը խախտելու, ազգային անվտանգութեան համար վտանգ ներկայացնող տեղեկութիւն ստանալու եւ տարածելու համար: