image

Սամուէլ Շահրամանեանն ու լրտեսութեան մէջ մեղադրուող Սարգիս Գալստեանը առերեսուած են. ԶԼՄ

Սամուէլ Շահրամանեանն ու լրտեսութեան մէջ մեղադրուող Սարգիս Գալստեանը առերեսուած են. ԶԼՄ

Արցախի Հանրապետութեան բռնազաւթումէն ետք շուրջ 7 ամիս Ստեփանակերտի մէջ մնացած Սարգիս Գալստեանի գործով օրերս առերեսում տեղի ունեցած է անոր եւ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի միջեւ։ Այս մասին գրած է «Հրապարակ» օրաթերթը։

Նշենք, որ Գալստեանը կը մեղադրուի Ատրպէյճանի օգտին լրտեսութիւն ընելու մէջ, իսկ Շահրամանեանը վկայի կարգավիճակ ունի։

«Մեր տեղեկութիւններով` Շահրամանեանի ցուցմունքներով չի հաստատւում մեղադրանքը»,– գրած է պարբերականը։

Նշուած է, որ Սարգիս Գալստեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը, սակայն ան չընդունիր մեղադրանքը:

«Թէպէտ նախապէս ինքնախոստովանական ցուցմունք է տուել Ադրբեջանի օգտին լրտեսութիւն անելու մասին, սակայն որոշ ժամանակ անց ետ է վերցրել ցուցմունքը՝ ասելով, թէ ճնշման տակ է նման բան ասել։ Արդէն երկու ամիս է՝ հարազատներին թոյլատրում են տեսակցել կալանքի տակ գտնուող Գալստեանին»,– յայտնած է թերթը։

Արցախի նախագահի պաշտօնին եղած ժամանակ Շահրամանեանը Գալստեանը նշանակած էր իր աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ։ Նախորդ տարի սեպտեմբերին ողջ արցախահայութիւնը Հայաստան տեղափոխուեցաւ, մնացին հատուկենտ հայեր, այդ շարքին՝ Սարգիս Գալստեանը եւ անոր կինը:

Արցախի հայաթափումէն ետք, երբ Գալստեանը դեռ Արցախի մէջ էր, լուրեր կը շրջանառուէին, որ ան նշանակուած է Արցախի պարէտ եւ ատրպէյճանցիներու հետ կը համագործակցի։

2024 թուականի մարտ 29-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ ամուսինները տեղափոխուեցան Հայաստան, ուր հասնելուն պէս իրաւապահները ձերբակալեցին անոնց, բայց կնոջ ազատ արձակեցին, իսկ ամուսնոյն մեղադրանք առաջադրեցին Ատրպէյճանի օգտին լրտեսութեան համար։