Ապաքինման մաղթանք Պլոկըր՝ Ալպէրովիչին
Լիբանանահայ Պլոկըր Ալպէրովիչ (Բուն անունով՝ Ալպէր Մոմճեան) առողջական խնդիր մ՚ունենալէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ որոշակի դեղեր ընդունելէ ետք Ալպէրովիչի ինքնազգացողութիւնը կտրուկ վատացած է, որմէ ետք ալ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։
Բժիշկներու խնամքին տակ որոշակի ժամեր մնալէ ետք Ալպէրովիչ դուրս եկած է եւ ներկայիս կը բոլորէ ապաքինման փուլ մը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ մօտիկ անցեալին հայերէն «ռաբ» երգերով Ալպէրովիչին վիճակուած էր օգնութեան հասնիլ Պէյրութի անապահով խաւերուն եւ յատկապէս դժուարութեան մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն։ Ան դարձած է «կամուրջ» երկրէն դուրս ապրող լիբանանահայերու եւ չքաւոր խաւերու միջեւ, այդպիսով ալ բարերար ազգայիններու օգնութիւնը հասցնելով անմխիթար վիճակներու մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն։