Օրերս, Հայ աւետարանական քոլեճի փակին մէջ տեղի ունեցած է Հայկազեան համալսարանի 64-րդ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը։ Հայկազեան համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններ վկայականներու տիրացան 123 շրջանաւարտներ:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ խմբագրութեանս յղուած թղթակցութիւնէն։
Ստորեւ այդ թղթակցութիւնը՝
Ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտ խորքին մէջ կը պարփակէ նաեւ նոր յոյսի ու լոյսի խորհուրդ, ապագայակերտ ճանապարհի վերահաստատում, այլապէս ալ` կեանքը իմաստաւորելու համոզում եւ յանձնառութիւն:
Ա՛լ ինչ խօսք, երբ վերոնշեալ մտածումը կ՛առնչուի ակադեմական մակարդակի հաստատութեան մը, որ 69 տարիներէ ի վեր կոչուած է ծառայելու հայութեան ու ամբողջ մարդկութեան՜ բարձրագոյն ուսում ջամբելով իրերայաջորդ սերունդներու:
Ամբողջ սփիւռքի տարածքին, ըլլալով եզակի հայկական կաճառ, Հայկազեան համալսարանը` կառչած իր առաքելութեան եւ հաւատամքին, կը շարունակէ իր երթը, նեցուկ կանգնելով բոլորին անխտիր, հաւատարիմ մնալով իր` ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ դաւանանքին:
Արդար է ընդգծել, որ հակառակ երկրի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու բազում այլ դժուարութիւններուն, տիրող անհանգիստ եւ անորոշ կացութեան` կրթական տարեշրջան մը եւս իր լրումին կը հասնէր:
Արդարեւ, ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական քոլեճի փակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի 64-րդ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ կրթական, ակադեմական, կրօնական, պետական, քաղաքական ու զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Արարողակարգի դասական նուագի ուղեկցութեամբ եւ ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ, հանդիսավայր մուտք գործեցին համալասարանի դասախօսները, նախագահը, օրուան բանախօսը եւ շրջանաւարտ ուսանողները:
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք համալսարանի հովիւ վերպատուելի Ուիլպըրթ վան Սան աղօթքով հանդիսութեան բացումը կատարեց:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կրթական տարեշրջանի աւարտին` հակառակ երկրի մէջ ստեղծուած դժուար պայմաններուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց` համալսարանի դասախօսական կազմին, վարչական պատասխանատուներուն, պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին իր աւարտին հասցնելու կրթական տարեշրջանը:
Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ աշխատակիցներուն` ան ըսաւ. «Նուաճումի եւ կորուստի խաչմերուկին վրայ, լուրջ աշխատանքի եւ վայելքի հանդիպումին, տարիներու յարատեւութեան եւ վկայման միացումին, տեղ մը կայ տաքուկ, հաստատ պահ մը, կանգառ մը` սրտի գոհունակութեան: Այս ժամը այդպիսին է: Կուտակուած ու մշակուած շատ բան, բայց այս ժամուն համար` անսպառ պարզութիւն»:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ հարկ է կեանքի մէջ պահել հաւասարակշռութիւն եւ փորձել բացատրութիւն տալ «նուաճումի եւ կորուստի» հասկացողութեան: Ան շեշտեց, որ պէտք է կեդրոնանալ իրերու խորութեան, հոգեւոր կեանքի պայծառութեան եւ աշխատանքի վրայ:
Ան անդրադարձաւ նորահաս սերունդին եւ մասնաւորապէս 2024 տարեշրջանի հունձքին` բարձր գնահատելով ունեցած ներուժը, մարդկային արժէքներ կրելու յատկութիւնը, մասնագիտանալու ձգտումները, ինչպէս նաեւ` մտաւորական ու հոգեւոր ունակութիւնը:
Իր պատգամի մէջ համալսարանի նախագահը յատկապէս ընդգծեց յոյսի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը` կարենալ յաղթահարելու համար կեանքի մարտահրաւէրները, պատրաստելով այնպիսի սերունդ, որ կ՛առաջնորդուի բարոյական արժէքներով եւ սկզբունքներով:
Իր խօսքի աւարտին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ըսաւ. «Մաղթանքս է, որ մեր սերունդները, նաեւ` այսօրուան շրջանաւարտները, ապրին յոյսով, լոյսի աստուածային բարիքով, եւ գործեն անվարան, առանց հերթի կանգնելու, կամ հրաւէր սպասելու: Չյուսահատինք այլոց խաւարով, այլ խիզախ նուիրուածութեամբ, յառաջ երթանք բարիի ճամբով»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը` Զիատ Հայէքը, որ իր պատգամը յղէ:
«Մոռցէք Կեդրոնական դրամատան ոսկիի պահեստները, դո՛ւք էք Լիբանանի իսկական գանձը»,- ըսաւ օրուան պատգամաբերը` սկսելու իր ելոյթը եւ ընդգծելով. Դուք պիտի հիւսէք վաղուան լիբանանեան ընկերութեան նոր պատկերը: Հիմա որ ձեր թեւերը ամբողջութեամբ փետուրով ծածկուած է, ուրեմն արծիւներու նման ճախրեցէք բարձր ու սաւառնեցէք պայծառ երկինքին մէջ»:
Պատգամախօսը կեդրոնացաւ հեռանկարային հետեւեալ ուղիներու վրայ. շարունակական ուսում, ձեռներեցութիւն եւ համբաւի տիրացում, մղում ու քաջութիւն: Ան ըսաւ. «Անցեալին, այս օրը, կը նկատուէր կրթութեան աւարտը եւ կեանքի ասպարէզ նետուելու սկիզբը: Բայց այս օրուան աշխարհին մէջ այս օրը կը նկատուի կրթութեան սկիզբը` աշխատանքային կեանքի մէջ», շեշտը դնելով յարատեւ ուսման կարեւորութեան եւ շարունակելու ունակութեան վրայ:
Զիատ Հայէք նկատել տուաւ, որ արհեստագիտութեան զարգացման այս դարուն, երբ ընկերային ցանցի տարածման եւ արհեստական բանականութեան նուաճումներու ականատես ենք, մարդ անհատի ուսումն ու համբաւի կարեւորութիւնը կը շեշտուի:
Հուսկ, օրուան պատգամաբերը դիտել տուաւ, որ հարկ է «ողջագուրուիլ» եւ սէր տածել կիրքին ու քաջութեան հանդէպ, որպէսզի կարենաք դիմագրաւել կեանքի դաժան պայմանները: Ան շնորհաւորեց եւ լաւագոյնը մաղթեց շրջանաւարտներուն:
Ուղերձներ արտասանեցին երկու շրջանաւարտներ` Յովիկ Ճեհիզեան (անգլերէն) եւ Տանա Եունես (արաբերէն):
Անոնք երախտագիտական խօսքով հանդէս եկան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայկազեան համալսարանին, նախագահին ու դասախօսական կազմին: Երկու շրջանաւարտները ընդգծեցին, որ ընթացիկ տարիներուն իրենք ոչ միայն գիտութիւն ամբարեցին, այլ նաեւ իւրացուցին մարդկային արժէքներ, որոնք տակաւ սկսած են դժուարութեամբ ընկալուիլ կեանքի փոփոխութիւններու լոյսին տակ:
Շեշտադրելով համալսարանի նշանաբանը` «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն, ծառայութիւն», շրջանաւարտները ընդգծեցին, որ զինուած այս նշանաբանով` իրենք պիտի կարենան դիմագրաւել կեանքի անարդարութիւններն ու խաւարը: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ իրենց ջանադիր ուսումնառութեան առընթեր, կերտեցին նկարագիր ու վաստակեցան ինքնավստահութիւն: Այլապէս, սորվեցան ընկերային կեանքի մէջ ըլլալ արդար ու պատասխանատուութեան տէր քաղաքացիներ:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Հայկազեան համալսարանի տարբեր մասնագիտութիւններ վկայականներու տիրացան 123 շրջանաւարտներ:
Համալսարանաւարտ պսակաւոր արուեստից եւ պսակաւոր գիտութեանց վկայականներ ստացած հայ ուսանողներն են` Հինտոյեան Էնթընի, Աթիքեան Շիրազ, Պոյաճեան Կապրիէլ, Իշիլեան Մեղրի, Իշխանեան Ալիսիա, Գասպարեան Նարին, Գազարեան Կարէն-Վազգէն, Քէշիշեան Ժիրայր, Մարգարեան Արին, Մասրլեան Յովսէփ, Օհանեան Պիաթրիս, Ունանիեան Սթեֆանի, Ուսեփեան Լոռի, Փիլոյեան Արմէն, Սարգիսեան Գեղամ, Սաթեան Լիանա, Ուաքիմեան Քրիստին, Եագուպեան Փաթիլ, Եիրիքեան Մարիա, Ապաքելեան Աւետիս, Աբրահամեան Քրիստինա, Ապրումեան Նարինէ, Աշգարեան Լիա, Աննայեան Փոլին, Պապէճեան Էլի, Պալթայեան Աբօ, Պտրճքեան Մեղեդի, Պետիկեան Կարապետ, Պօղոսեան Անի, Շնորհոքեան Լեւոն, Տեմիրճեան Սերժ, Տճուրեան Մարի, Էլէյճեան Արազ, Ղազարեան Ժաքի, Հաւաթեան Նանար, Յովսէփեան Տեսիլ, Ճեհիզեան Յովիկ, Քալինճեան Մարիան, Քամպուրեան Կարօտ, Քարպեան Անի, Գազանճեան Կարէն, Քեչքելեքեան Միրէյ, Խաչատուր Նայիրի, Խաչատուրեան Միլա, Քլումեան Նորայր, Գրիգորեան Արի, Մանուէլեան Ալին, Մոմճեան Ալեակ, Փոսքոլեան Վենիսա, Սընըքճեան Գարինա, Սընըքճեան Վիքի եւ Թոփալեան Սէրլի, իսկ Կորկոտեան Սապին տիրացաւ մագիստրոսի վկայականի:
Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, վերապատուելի Նշան Պագալեանի աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: