image

Հայրենիքի մէջ. Եղանակը պիտի տաքնայ

Հայրենիքի մէջ. Եղանակը պիտի տաքնայ

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին՝ յունիս 16-20-ին՝ կէսօրէ յետոյ, առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ 

Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում 18-23մ/վ արագութեամբ: Օդի ջերմաստիճանը յունիս 15-ի ցերեկէն աստիճանաբար պիտի բարձրանայ եւս 2-3 աստիճան։

Երեւան քաղաքին մէջ՝ յունիս 16-20-ի երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 16-20 մ/վ արագութեամբ: