image

Երեւանի մէջ. Յակոբ Գույումճեանի հիմնադրած «Foton Armenia» ընկերութեան նոր փայլը (Լուսանկարներ)

Երեւանի մէջ. Յակոբ Գույումճեանի հիմնադրած «Foton Armenia» ընկերութեան նոր փայլը (Լուսանկարներ)

Իսկապէս Հայաստանը պաշտող իւրաքանչիւր հայու համար մեր երկրին մէջ յաջողութեան հասնիլը կը շարունակէ մնալ տիրական ճշմարտութիւն։

 Ճշմարտութիւն է անշուշտ, որ սփիւռքի առաջին տարիներուն մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր բառիս իսկական իմաստով «պայքար» մղած են Արաբական Ծոցի կիզիչ արեւուն տակ։ 

Ժամանակի մը, երբ արաբական Ծոցը նոր սկսած էր մեծ զարգացումներու ուղղութեամբ իր առաջին քայլերը նետել։

Այդ հիսաքանչ մարդոցմէ մին է մեր հայրենակից Յակոբ Գույումճեանը, որ անցնող տարիներուն եւ ամէն ճիգ գործի վերածելով կը փորձէ նաւարկել հոսանքն ի վեր։

Իր պարագային ամենաուղենշայինը, որ հակառակ ամէն տեսակի բարդութիւններուն կը շարունակէ նոյն հաւատաւորը մնալ հանդէպ իր եւ մեզմէ շատերուն համար պաշտելի մնացող Հայաստանին։

Հաւատալով, որ Հայաստանը իրողապէս պիտի դառնայ տնտեսական հզօրութիւն, կրթական լուսաւորութիւն ու մանաւանդ անվտանգ ու ապահով երկիր մը դառնալ այս տարածաշրջանին մէջ։

Յակոբ Գույումճեանը, որ այս բոլորին կրողն է, կը հաւատայ նաեւ, որ իր զաւակները, թոռները եւ իր շրջանակի անդամները նոյնպէս պէտք է նուիրական հայեացքով նային Հայաստանի այսօրուան ու քրտինք ու ջանք չխնայեն, որ մեր երկիրը ամէնէն աւելի մօտենայ այն իտալէներուն, որ սիրելի Տիար Յակոբին ծնողները ցանած են անոր հոգիին մէջ։

Ցանած են այնքան մը ուժեղ, որ նոյնիսկ անապատի տապն ու կիզիչ արեւը անկարող եղած են մեռցնել այդ կտոր մը սերմը, ու կաթիլ մը հաւատքը։

Այս բոլորը գրելու առիթը հանդիսացաւ Յակոբ Գույումճեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած «Ֆաթոն Արմինիա» ընկերութեան նոր փայլը, որ երեւելի դարձաւ օրերես Երեւանի մէջ կայացած եւ միջազգային ուղեծիր ունեցող Armenian Auto Show 2024 ցուցահանդիսի ընթացքին։

Ստորեւ այդ մասին մանրամասն՝

Երեւանի մէջ աւարտած է ինքնաշարժային արդիւնաբերութեան տարուան գլխաւոր միջոցառումը՝ Armenian Auto Show 2024 ինքնաշարժի ցուցահանդէս-համաժողովը։

Երեք օր շարունակ՝ յունիսի 21, 22, 23-ին Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ներկայացուած են ինքնաշարժի ոլորտի ամենայայտնի եւ պահանջուած մակնիշներ: Մէկ յարկի տակ հաւաքուած էին ինքնաշարժի արդիւնաբերութեան եւ յարակից ոլորտներու առաջատար ներկայացուցիչներ՝ աւելի քան 100 կազմակերպութիւններ, որոնք ներկայացուցած են մարդատար եւ բեռնատար մեքենաներ՝ բնապահպանական առումով մաքուր ու մատչելի ելեկտրոմոպիլներ, ներքին այրման շարժիչով հզօր մեքենաներ, հանրակառքեր, բեռնատարներ եւ շինարարական մեքենայ-սարքեր: Միջոցառման մասնակցած էին նաեւ ինքնաշարժերու սպասարկման, ֆինանսական եւ ապահովագրական կազմակերպութիւններ։

Ցուցահանդէս-խորհրդաժողովն իսկական տօն դարձած է ոչ միայն անհատ ինքնաշարժ սիրողներու, այլ տարբեր մասնաւոր եւ պետական հիմնարկներու եւ փոխադրամիջոց օգտագործող շահառուներու համար։ Թէ՛ կազմակերպիչները, թէ՛ այցելուները նկատած են, որ Armenian Auto Show 2024 միջազգային ինքնաշարժի ցուցահանդէս-համաժողովն աննախադէպ է իր ծաւալով, բովանդակութեամբ եւ ներկայացուածութեան առումով։ 

Տեղի ունեցած է աշխարահռչակ ինքնաշարժի մակնիշներու նոր մոտելներու շնորհանդէս։

Ցուցահանդէսի մասնակիցներու շարքում էր նաեւ Foton Armenia ընկերութիւնը, որ ցուցադրած է ընկերութեան մոդելային շարքի լավագույն նմուշներից մեկը՝ FOTON AUMARK S բեռնատարը: Ընկերությունը ներկայացրեց նաեւ առեւտրական բեռնատարներ, յատուկ սարքեր, կռան-ամբարձիչ, մարդատար եւ բեռնատար փիքափներ, ուղեւորատար մեքենաներ: 

Foton Armenia-ն, ստեղծելով բարի համբավ Հայաստանի մէջ, միաժամանակ նպատակ ունի նպաստել փոխադրամիջոցներու եւ փոխադրային ոլորտի ներկայացուածութեան ու հասանելիութեան բարձրացման Հայաստանի մէջ։

Ընկերութեան ղեկավարները վստահ են, որ Հայաստանը կրնայ տարածաշրջանին մէջ դառնալ ինքնաշարժ մեքենաներու կեդրոն, իսկ նման ցուցահանդէսները կը նպաստեն այդ գաղափարի իրականացման: