image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի մէջ մեկնարկած են արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները

Իրանի մէջ մեկնարկած են արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները

Յունիս 28-ին Իրանի մէջ արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ են։ Նախագահի պաշտօնը երկրորդ ամենաբարձր պաշտօնն է իսլամական երկրին մէջ, որու գերագոյն առաջնորդը այաթոլլա Ալի Խամենէին է 1989 թուականէն։

Ինչպէս նշած է dw.com-ը, արտահերթ ընտրութիւնները նշանակուած են, երբ 2021 թուականին ընտրուած նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին մահացած է 2024 թուականի մայիսին՝ ուղղաթիռի վթարէն։

Իրանի նախագահի պաշտօնի համար կը պայքարի տասներկու իսլամական հոգեւորականէ եւ իրաւաբանէ բաղկացած Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդի կողմէ հաստատուած 4 թեկնածու`Իրանի առողջապահութեան եւ բժշկական կրթութեան նախկին նախարար, խորհրդարանի անդամ Մասուտ Փեզեշքիան, ներքին գործոց նախկին նախարար Մուսթաֆա Փուրմոհամատին, Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի մէջ Իրանի գերագոյն առաջնորդի ներկայացուցիչ Սաիտ Ճալիլին եւ խորհրդարանի գործող խօսնակ Մոհամմատ Պաղեր Ղալիպաֆը:

Նախագահի յաւակնորդները երեք շաբաթէն աւելի քիչ ժամանակ ունէին ամբողջ երկիրի մէջ հեռուստաբանավէճերու եւ նախընտրական արշաւներու միջոցով ընտրողները գրաւելու համար:

83,5 միլիոն իրանցիէ ընտրելու իրաւունք ունի 61 միլիոնը։ Սակայն վերջին հարցումներու համաձայն՝ անոնցմէ աւելի քան 30 միլիոնը չուզեր մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Դիտորդները այդ կը կապեն հակառակորդներու նկատմամբ իշխանութիւններու քաղաքական ճնշումներու, ինչպէս նաեւ տնտեսական ճգնաժամի եւ վերջին տասնամեակներու ընթացքին բարեփոխումներու անյաջող փորձերու հետեւանքով առաջացած հիասթափութեան հետ:

Ընտրութիւններու առաջին արդիւնքները պիտի յայտարարուին յունիս 29-ին` կէսօրէ ետք։