Տանք մեր վստահութիւնը մեր երիտասարդ սերունդներուն, հայապահպանման սրբազան աշխատանքին, որոնք սիրով կը ծառայեն ազգին։«Ուզո՞ւմ ես գուշակել, տեսնել մի ժողովրդի ապագան` նայի՛ր նրա երիտասարդութեան: …
Վաղը ազգովի պիտի հնձենք այն, ինչ որ սերմանում ենք այսօր։» - Գարեգին Նժդեհ
Օրերս Յորդանանի մէջ հիմնադրումը կատարուած է ՀԲԸՄ «Երիտասարդ արհեստավարժներ»ու ակումբին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ամմանէն։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այս շահեկան տեղեկութեան մասին համայնքի երիտասարդ պատասխանատուներէն Օրդ. Մարալ Ներսէսեանի կողմէ պատրաստուած եւ խմբագրութեանս ուղարկուած թղթակցութիւնը։
Հայ ազգը հզօրացնելու եւ փորձութիւնները դիմագրաւելու համար ամէն ճիգ պէտք է գործադրել երիտասարդութեան ազգային պատկանելիութիւնը պատկանելիութեան հզօրացնելու համար։
Ազգային ինքնութեան վերադարձին նախապայմանն է համայնքային կեանքին մէջ երիտասարդութեան ներգրաւածութիւնը, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ ե՛ւ Հայրենիքի, ու այդ առումով հարկ է ստեղծել եւ ներուժ հաղորդել արդիական հարթակներու։
Այս նպատակները ունենալով Ուրբաթ, 17 Մայիս 2024-ին, հիմը դրուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ. - Երիտասարդ Արհեստավարժներու Ամմանի մասնաճիւղի (AGBU-YP Young Professionals)։
Հակիրճ ներկայացուեցաւ AGBU YP-ի դերն ու առաքելութիւնները Յորդանանի Հայ համայնքէն ներս, ինչպէս եւ պատմական ակնարկ մը տրուեցաւ Յորդանանի մէջ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ներկայութեան, ներդրումներուն եւ գործունէութեանց մասին, 1929 թուականէն սկսեալ, 4 քաղաքներու մասնաճիւղերով՝ Ամման, Ռուսէյֆա, Զարկա եւ Քարաք։
Ապա ընթերցուեցաւ Յունուար 1950 թուակիր նամակը որու մէջ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութեան նախարարաց խորհուրդը միութեան կը շնորհէ գործելու արտօնագիր։ Մասնաճիւղը կը գոյատեւէ մինչեւ 1955-ի սկիզբները, երբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տեղի մասնաճիւղը փոխարինելու կու գայ Ազգային Մարզական Միութիւնը «Ա.Մ.Մ.»-ը, իսկ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը կապը կը շարունակէ պահել համայնքի անդամներուն հետ, Ա.Մ.Մ.-ի միջոցով։ Որպէս այս աշխատանքի շարունակութիւն, Ամմանի AGBU-YPն հիմնուեցաւ Ա.Մ.Մ.-ի հովանու ներգոյ։
AGBU YP-ի մեկնարկը տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Մ.-ի ամառնային զբօսավայրի մէջ, այս առիթով Ամման ժամանեց Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի Շրջանային Տնօրէն, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի Գործադիր Տնօրէն՝ Օրդ. Արին Ղազարեան, ներկայ կը գտնուէին համայնքային գործօն անդամներ, ինչպէս Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ատենապետ՝ Տիկ. Ռաքէլ Մարգարեան, եւ մեծ թիւով համայնքի անդամներ եւ երիտասարդներ, գնահատելով YP ցանցի աշխատանքի ազդեցութիւնը հայապահպանման նպատակին։
Երեկոն գեղեցկացաւ կենդանի երաժշտութեամբ որը նուիրեցին Մայեստրո Մուրատ Տէմիրճեանը – դաշնամուր եւ երաժշտութեան բաժանում, Դոկտ. Հիշամ Շարաֆը – Քլարինէթով, ընկերուհի Թալին Շեհրանեան-Շարաֆը – Օպոյ, եւ Ուսդազ Մուհամմատ Թահան – հարուածային գործիքներով։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հատտատ ընկերութեան, Ռաուան Իմէշ-Վարդանեանի միջնորդութեամբ, մեր երեկոն քաղցրացնելու համար Յորդանանեան JR.-ի սպիտակ գինիներով։
Ամմանի AGBU YP-ի գործադիր մարմնի հիմնադիր անդամները կը հանդիսանան՝
Հայկ Եկէնեան – Ատենապետ
Կարէն Մուսալլամ – Ատենադպիր
Մուրատ Փոլատեան – Գանձապահ
Վիվեան Պետէւեան – Փոխ Ատենապետ
Սերլի Սանճեան – Հաղորդակցութեան պատասխանատու
Նարօտ Քէչիճեան – գործադիր մարմինի անդամ
Վանա Քահքէճեան – գործադիր մարմինի անդամ
Մարալ Ներսէսեան – Խորհրդատու
Երիտասարդը իր հետաքրքրութեան համեմատ կ՚ընտրէ իր նախասիրած հարթակով, համայնքային աշխատանքը։ Այս էր պատճառը Ամմանի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի YP-ի հիմքը դնելը։ Այս մեծ 40,000 անդամ ունեցող ցանցին միանալով կը զօրացնենք ազգի կապերը, այնուհետեւ արմատները։
Տանք մեր վստահութիւնը մեր երիտասարդ սերունդներուն, հայապահպանման սրբազան աշխատանքին, որոնք սիրով կը ծառայեն մեր ազգին։
«Ուզո՞ւմ ես գուշակել, տեսնել մի ժողովրդի ապագան` նայի՛ր նրա երիտասարդութեան: …
Վաղը ազգովի պիտի հնձենք այն, ինչ որ սերմանում ենք այսօր։» - Գարեգին Նժդեհ
Թղթակցութիւնը՝ Մարալ Ներսէսեանի
Ատենապետ Ազգային Մարզական Միութեան
27 Մայիս 2024