image

ՌԱԿ Պատուիրակութիւն մը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարին

ՌԱԿ Պատուիրակութիւն մը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարին

Օրերս ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը եւ անոնց ներկայացուց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման:

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ ՀՀ Սփիւռքի յանձնակատարի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

4 Յունիսին, ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան  պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Միքայել Խարապեանին եւ ներկայութեամբ վարչութեան այլ ներկայացուցիչներու։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու խորացման օրակարգը եւ Զարեհ Սինանեան ներկայացուց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք առնչուած են սփիւռքի համայնքներուն հետ նպատակային եւ շարունակական երկխօսութեան հաստատման։

Իր հերթին՝ կուսակցութիւնը յայտնած է պատրաստակամութիւն աջակցելու Գրասենեակին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն։ Քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ համագործակցութեան կարելի հեռանկարներ: