image

Նիկոլ Փաշինեան պիտի դասախօսէ Լեհաստանի մէջ․ «Հայաստանը եւ նոր խաղաղութեան ճարտարապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ»․ Factor

Նիկոլ Փաշինեան պիտի դասախօսէ Լեհաստանի մէջ․ «Հայաստանը եւ նոր խաղաղութեան ճարտարապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ»․ Factor

25 փետրուար 2026-ին, Լեհաստանի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ (PISM) ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Հայաստանը եւ նոր խաղաղութեան ճարտարապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ» թեմայով դասախօսութիւն պիտի կարդայ։ Այս մասին գրած է Factor-ը։

«Երկու տարիէ աւելի է, որ Հայաստանը փոփոխութիւններ կը կրէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Ռուսիոյ հետ նախկին պաշտօնական դաշինքը, որ պարտադրուած էր հանգամանքներու բերումով, աստիճանաբար կը հաւասարակշռուի Եւրոմիութեան եւ ԱՄՆ-ի հետ աւելի սերտ կապերով։

Աւելին, Ղարաբաղի շուրջ աւելի քան երեք տասնամեակ տեւած հակամարտութենէն ետք, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը խաղաղութիւն հաստատեցին՝ ԱՄՆ-ի աջակցութեամբ։

Մօտ ապագային կը նախատեսուի խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրում, սահմաններու բացում, առեւտուրի վերսկսում։ Ամերիկեան աջակցութեամբ Հայաստանի տարածքին մէջ պէտք է իրականացուի «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծը՝ ԹՐԻՓՓ-ը։ Այս ծրագիրներու եւ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող քաղաքականութեան ապագան պիտի որոշուի այս տարուան յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պիտի անդրադառնայ վերը նշուած մարտահրաւէրներուն եւ հնարաւորութիւններուն, եւ պատրաստ պիտի ըլլայ պատասխանելիու լսարանի հարցերուն»,-ըսուած է Լեհաստանի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։