Հետեւաբար այնքան ալ պիտի չզարմանալ եթէ Ուաշինկթըն դեսպան նշանակուեցաւ Վարչապետին մօտիկ անձը որ, եղեր, լաւ անգլերէն գիտէ, Օթթաուա՝ խնամին որ պիտի երթայ տեղը առնելու հայ դիւանագիտական կորպուսի թերևս ամենէն աւելի փայլուն իգական ներկայացուցիչներէն մէկուն, իսկ հայ-թրքական բանակցութիւններու պատասխանատւութիւնը վստահուեցաւ անփորձի մը, որ շատ հաւանաբար Սերտար Քըլըճի դէմ նստիլը պիտի նկատէ մաս քաղաքական այն արկածախնդրութեան որ սկսաւ Դեկտեմբեր 2018-ին ՀՀ Ազգային Ժողովի առաջին արտակարգ ընտրութիւններով և դժբախտութենէ աղէտ շարունակուեցաւ «Քորոնան ում շունն ա», «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», «Յաղթելու ենք», «պատասխանատու եմ բայց ոչ մեղաւոր», «Շուշին տժգոյն և դժբախտ քաղաք», «մեր գերիները մեզ կը ներեն եթէ մէկ երկու ամիս էլ սպասեն» և այլ խորագիրներով:
Ժընեւի մէջ, Յունուար 12-ին տեղի ունեցած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի (ՄԻԽ) ընթացիկ տարուայ առաջին հանդիպումին, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) մշտական ներկայացուցիչ, Զուիցերիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Անդրանիկ Յովհաննէսեան մէկ տարուայ ժամանակահատուածի համար ընտրուեցաւ ՄԻԽ-ի փոխ-նախագահ: ՀՀ ԱրտԳործ Նախարարութեան կայքէջին վրայ կը կարդանք՝ «Հայաստանն առաջին անգամ է անդամակցում ՄԻԽ-ին, երեք տարի ժամկէտով՝ 2020-2022 թուականներին» (ուղղագրական սրբագրութիւններով):
Երկու օր յետոյ, Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ, Հայաստանի և Թուրքիոյ բանագնացները հանդիպեցան՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման հետամուտ բանակցային գործընթացին սկիզբ տալու համար: Երկու ԱրտԳործ Նախարարութիւններու հրապարակած յայտարարութիւններուն մէջ «կառուցողական մթնոլորտ»ով նկարագրուեցաւ հանդիպումը: Ինչպէս ծանօթ է, այդ բանակցութիւններուն համար Անգարա նշանակած է ասպարէզով փորձառու դիւանագէտ մը, որ մասնագիտացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ գործնականացնելու և, առ այդ, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան դէմ պայքարելու ոլորտին մէջ: Մինչ Հայաստանեան բանագնացի հաւանաբար ամենակարևոր մասնագիտացումը «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու ասպարէզին մէջ եղած է, եւ Նիկոլ Փաշինեանին հաւատարմութիւնը՝ իր ամենամեծ փորձառութիւնը:
Ցանկալի պիտի ըլլար երկու իրադարձութիւններուն միջև ռազմավարական կապակցութիւն մը տեսնել: Այսինքն՝ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ բանակցութիւններ սկսէր միաժամանակ ՄԻԽ-ի թէ նմանօրինակ այլ կազմակերպութիւններու մէջ իր մնայուն տեղ ապահոված և Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման և արդարահատոյցի պահանջով դիւանագիտական ակտիւութեան փաստը տուած ըլլար: Այդ ձեւով, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, որ միջազգային համայնքի կողմէ հասկնալիօրէն քաջալերուած է, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային պահանջատիրութիւնը զիրար փոխ-լրացնող գործընթացներ կ'ըլլային: Հայաստան փաստը տուած կ'ըլլար միաժամանակ Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմանի» բանակցելու իր յանձնառութեան, և նաեւ միջազգային տարբեր ոլորտներու մէջ Ցեղասպանութեան հարցի հետապնդումը կը տեղադրէր համամարդկային յանձնառութեան տրամաբանութեան մէջ:
Բայց այդ կապը չկայ: Նախ որովհետև ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներուն մէջ Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու» մօտեցումը բանաձևուեցաւ Լևոն Տէր Պետրոսեան/Ժիրայր Լիպարիտեան «պետական մտածողութեան» կտրուածքով որ, ի սկզբանէ, Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնն ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը իրարու հակադրեց «կամ Հայ Դատ, կամ պետական շահ» իրարամերժ տրամաբանութեամբ: Ապա, որովհետև նոյնիսկ երբ Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին ընդգրկուեցաւ, չունեցաւ ռազմավարական նախանձախնդրութիւն: Երկու պատճառով: Նախ՝ Տէր Պետրոսեանական «կամ Հայ Դատ, կամ պետական շահ» տրամաբանութիւնը երբեք չփոխարինուեցաւ երկու եզրոյթներու փոխ-կապակցութեան տրամաբանութեամբ մը: Ապա՝ որովհետև թերգնահատուեցաւ ի մասնաւորի Հայաստանի նման փոքր և անզօր պետութեան մը համար «ՄորալՓոլիթիք»ի կարևորութիւնը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ:
Այսպէս, ի սկզբանէ և շատ պարզունակօրէն «իրապաշտական» նկատուեցաւ «ՌէալՓոլիթիք»ը և «պետական մտածողութիւն»ը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար, մինչ «Հայ Դատականութիւնը» որպէս «ՄորալՓոլիթիք» վերապահուեցաւ Սփիւռքին: Պարագայական համագործակցութիւն եղաւ միշտ, բայց ռազմավարական մօտեցումով միասնական հայեցակարգի մըառաջացման ճիգը երբեք չեղաւ: ԹԱՐՔ-ն ու Փրոթոքոլները զիրար չմերժող բայց իրարմէ տարբեր ուղիներու տրամաբանութեան փաստն են: Միակ բացառութիւնը յետ-Փրոթոքոլներու 2010-2015 հնգամեակի Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնն է՝ ի նախապատրաստութիւն Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցին: Իր բոլոր սահմանափակումներով և բացթողումներով, այդ հնգամեակը եկաւ ցոյց տալու որ երբ կայ քաղաքական կամք կարելի է նաև «առանց նախապայմաններու» սկզբունքը տարբեր կերպով գործնականացնել: Պիտի առարկուի որ Թուրքիան պիտի չընդունէր նման բան: Բայց արդե՞օք այդ լաւագոյն ձևը չէր բացայայտելու համար որ Անգարային համար երբեք չէ եղած «առանց նախապայմաններու» սկզբունք, որ այդ մէկը միայն հայկական կողմը բանաձևած էր և հաւատացած անոր: Այն աստիճանի որ հասած էր մինչև իսկ ինքզինք խաբելու որ Թուրքիան ալ պատրաստ է անոր: Այդ ինքնախաբէութենէն ոչինչ փոխուած է: Ընդհակառակը, այն աւելի խորացած է: Վկայ՝ Ժիրայր Լիպարիտեանի «Թուրքիան վտանգ չէ» -Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն հազիւ տարի մը անց: Վկայ՝ «կառուցողական մթնոլորտ»ի բանաձևումը երբ թրքական կողմէ Թէհլիրեանի արձանի «ապամոնթաժում»ի անուղղակի պահանջներ արդէն կը հնչեն:
ՄԻԽ-ի փոխ-նախագահութիւնը հայկական դիւանագիտութեան յատկանշական յաջողութիւններէն մէկն է, և ցաւալի է որ այն աննկատ անցաւ: Հետեւանք է անկախութեան հետ կազմաւորուած ասպարէզով դիւանագէտ սերունդի մը որ երկրի ներկայացուցչութեան իր առաքելութեան մէջ փաստը տուած է ոչ միայն իր փորձառութեան ու մասնագիտացման այլ նաև իր անկեղծ հայրենասիրութեան: Այդ դիւանագէտներուն հետ համագործակցած որևէ սփիւռքեան կազմակերպութիւն կամ անհատ կրնայ վկայել այդ մասին, թէկուզ և երբ օրուայ իշխանական վերնախաւը միշտ ալ զգուշացած է հայկական դիւանագիտութեան տալու անհրաժեշտ ինքնավարութիւնը՝ ինքզինք հաստատելու միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, ունենալու իր դոկտրինան անկախ օրուայ իշխանութիւններու քաղաքական գունաւորումէն: Հայկական դիւանագիտութիւնը իր շատ առողջ առաջին քայլերը տուաւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի հետ: Բայց այս վերջինի համարձակութիւնը թիւր չեկաւ առաջին նախագահին: Քոչարեանի թէ Սարգսեանի օրերուն Վարդան Օսկանեանն ու Էտուարտ Նալբանդեանը գիտէին որ պիտի չշեղիլ նախագահական հեղինակութենէն, որ արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը միշտ ալ պիտի գար Բաղրամեան 26-էն: Այդուհանդերձ, հայկական դիւանագիտութիւնը եղաւ հետեւողական, կայուն և մասնագիտական՝ ամբողջ երկու տասնամեակ:
Նիկոլ Փաշինեան անտեսեց Զօհրապ Մնացականեանն ու Արա Այվազեանը, երկուքն ալ այն փորձառու դիւանագէտներ, որոնց մասնագիտութեան այնքան պէտք ունէր Հայաստանը պատերազմի և յետ-պատերազմեան օրերուն, և երկուքն ալ հրաժարեցան: Աւելի՛ն, Արա Այվազեանէն յետոյ «մաքրագործուեցաւ» ԱրտԳործ Նախարարութիւնը եւ գործէ արձակուեցան պատրաստուած ու փորձառու դիւանագէտներ, որոնց միակ «յանցանքը» եղած է աշխատիլ ըստ իրենց մասնագիտութեան և հայու խղճին, փոխանակ քծնելու Փաշինեանին առջև: Հետեւաբար այնքան ալ պիտի չզարմանալ եթէ Ուաշինկթըն դեսպան նշանակուեցաւ Վարչապետին մօտիկ անձը որ, եղեր, լաւ անգլերէն գիտէ, Օթթաուա՝ խնամին որ պիտի երթայ տեղը առնելու հայ դիւանագիտական կորպուսի թերևս ամենէն աւելի փայլուն իգական ներկայացուցիչներէն մէկուն, իսկ հայ-թրքական բանակցութիւններու պատասխանատւութիւնը վստահուեցաւ անփորձի մը, որ շատ հաւանաբար Սերտար Քըլըճի դէմ նստիլը պիտի նկատէ մաս քաղաքական այն արկածախնդրութեան որ սկսաւ Դեկտեմբեր 2018-ին ՀՀ Ազգային Ժողովի առաջին արտակարգ ընտրութիւններով և դժբախտութենէ աղէտ շարունակուեցաւ «Քորոնան ում շունն ա», «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», «Յաղթելու ենք», «պատասխանատու եմ բայց ոչ մեղաւոր», «Շուշին տժգոյն և դժբախտ քաղաք», «մեր գերիները մեզ կը ներեն եթէ մէկ երկու ամիս էլ սպասեն» և այլ խորագիրներով:
Ընդդիմութեան կողմէ աճապարել և Ազգային Ժողովին մէջ Յունուար 17-ին ՀՀ բանագնացին Թուրքիոյ «գործակալ» որակելը այնքան ալ խելացի քայլ մը չէր: Իշխանութիւններու հասցէին նման հնչեղութիւններ երբ կըդառնան ընթացիկ, պարզապէս կը կորսնցնեն իրենց նշանակութիւնը եւ քաղաքականապէս չեն օգներ ընդդիմադիր ըլլալու լուրջ գործին: Բայց այդ անձին մեղմ ասած ոչ այնքան դիւանագիտական հակազդեցութիւնը, ինքզինք զսպելու անկարողութիւնը, պոռթկումն ու ֆիզիքական առճակատման հրաւէրով խուլիգանավայել տեղէն վեր կենալը պարզապէս կը վկայեն իր քաղաքական արկածախնդիրի բնազդները վերահսկելու իր անկարողութեան մասին: Եւ այդ անձին վստահուած է հայկական դիւանագիտութեան ամենանուրբ մարտահրաւէրը: Կամ ալ իր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ փրոթոքոլ մըն է, հայելի իշխանութիւններու վերապահուած դերին՝ ստորագրելու այն փաստաթուղթը որ այլուր, շատ հաւանաբար Մոսկուա և Անգարա, պատրաստուած է:
Վերադառնալով յօդուածի սկզբնաւորութեան արձանագրուած երկու թուականներու բաղձալի բայց անգոյ ռազմավարական կապակցութեան, հարկ է նշել որ անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 6-ին, ՄԻԽ-ի մօտ Արժանթինի մշտական ներկայացուցիչ Ֆէտէրիքօ Վիյեկաս (Federico Villegas) ընտրուեցաւ այդ մարմնի նախագահ: 1983-ին ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր Արժանթին միջազգային բեմահարթակին վրայ շատ ակտիւ եղած է մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան մէջ, և առաջին երկիրներէն որ Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ ամենէն աւելի նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերած է: Արժանթին, փաստօրէն, Ֆրանսայի հետ քայլ պահած է Ցեղասպանութեան ճանաչման ամէն յառաջխաղացքի մէջ, սկսելով Նախագահ Ռաուլ Ալֆոնսինի 1987-ի յայտարարութենէն՝ Ֆրանսուա Միթերանի յայտարարութենէն մէկ տարի անց, մինչև այն եզակիութիւնը ընդ որում այն բացառիկ երկիրներէն է ուր Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է Գործադիր, Օրէնսդիր և Արդարադատական Իշխանութիւններու մակարդակով: Յունուար 17-ին ամբողջացաւ Հայաստան-Արժանթին երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման երեսունամեակը: Զուգադիպեցաւ ՄԻԽ-ի մէջ երկու երկիրներու կողք-կողքի համագործակցութեան առիթի ստեղծման հետ: Թէ ինչպէս կարելի է այս զուգադիպութիւնը իմաստաւորել՝ վստահաբար դիւանագէտներն են որ կրնան որոշել: Ոչ թէ քաղաքական արկածախնդիրները, որոնք այս անյեղափոխական «դետալները» վստահաբար անտեսեն և երբեք չուզեն յոգնիլ անոնց իմաստաւորման մասին մտածելով:
Վերջին անխուսափելի նկատողութիւն մըն ալ: Հրանդ Տինքի սպաննութեան նոր տարելից մըն է: Տինք վստահաբար պիտի ողջունէր հայ-թրքական բանակցութիւնները: Բայց նաև ակտիւ մասնակից պիտի ըլլար միջազգային ոլորտներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման և արդարահատոյցի հայեցակարգի մը և դիւանագիտական ակտիւութեան:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան