image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ հետ մենք գործնապաշտ քաղաքականութիւն կը վարենք. Վրաց վարչապետ

Ռուսիոյ հետ մենք  գործնապաշտ  քաղաքականութիւն կը վարենք. Վրաց  վարչապետ

Վրաստանը մտադիր է շարունակել այն գործնապաշտ քաղաքականութիւնը, որ կը վարէ Ռուսիոյ նկատմամբ.  այսօր Թիֆլիսի մէջ, նոր կառավարութեան ծրագիրի քննարկման ժամանակ, յայտարարած է Վրաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Իրաքլի Քոպախիձէն։

«Գործնապաշտ քաղաքականութիւնը խաղաղութիւնը պահպանելու եւ մեր ռազմավարական շահերը պաշտպանելու կարեւորագոյն գործիքներէն մէկն է։ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ հակամարտութեան կարգաւորումը մեր առաջնահերթութիւններու շարքին է»,- նշած է Քոպախիձէն:

«Գոյութիւն ունին կարմիր գիծեր, որոնք հատել մենք չենք պատրաստուիր։ Անոնցմէ առանցքայինը մեր տարածքներու ապաբռնագրաւումն է»,-նշած է ան: