image

Դեսպան Աթաբէկեան Անթիլիաս այցելած է

Դեսպան Աթաբէկեան Անթիլիաս այցելած է

8 Նոյեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ  ընդունած է  Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ 

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մամուլի ծառայութիւնը։ 

Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպման անդրադարձ կատարուած է ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան։ Յիշեալ թեմաներուն գծով Նորին Սրբութիւնը պարզած է իր պատկերացումները։

Նշուած է, որ դեսպանը Արամ Առաջինին իրազեկած է Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական իրավիճակի, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական զարգացումներու մասին։