❗️🇦🇲🇱🇧Լիբանանահայերը նոյնպէս կը ցաւին երկրին մէջ ստեղծուած ծանր պատկերին համար։
❗️Հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ եւ տեղահանութիւն։
❗️🇱🇧Լիբանանի մէջ եղածները մեզի կը յիշեցնեն Արցախի մէջ կատարուած դէպքերը, երբ 120 հազար հայեր կորսնցուցին իրենց բնօրրանը եւ դարձան գաղթական։
❗️Վտանգը հեռու չէ մեր հայրենակիցներէն, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ ամէն մարդ կը հետեւի ռազմական գործողութիւններուն։
❗️🇱🇧🇦🇲Հարցումը, որ կը հնչէ այս օրերուն, հետեւեալն է, արդե՞օք հայկական շրջանները թիրախ պիտի դառնան այս պատերազմին։
❗️🇮🇱🇱🇧🇵🇸Այս խնդիրը միայն Լիբանանին առընչուած չէ, այլ ան կապ ունի Իսրայէլ-Կազա, , Իսրայէլ- Իրան իրավիճակներուն եւ «Գորդեան հանգոյց»ին հետ։
❗️🇱🇧Եւ այս բոլորին զուգահեռ Լիբանանը դարձած է «ամենահզօր» կռուախնձոր՝ այս հակամարտութիւններուն։
⭕️Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է լիբանանահայ հրապարակախօս՝ Պայծիկ Գալայճեանին հետ։