Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը (ՄԱԳԱՏԷ) մտադիր է Իրանի հետ բանակցութիւններ վարել միջուկային գործարքի շուրջ: Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսսին այդ մասին ըսած է լրագրողներուն Պաքուի մէջ COP-29–ի շրջածիրէն ներս։
«Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը Իրանի հետ միջուկային գործարքի շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ։ Մենք պիտի զբաղինք այդ հարցով Թեհրանի մէջ, ուր ես հանդիպումներ պիտի ունենամ արտաքին գործոց նախարարի եւ այլ պաշտօնատար անձանց հետ», –ըսած է ան ընդգծելով, որ Իրանի հետ միջուկային գործարքը ռազմավարական նշանակութիւն ունի։
Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էր Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալին, Իրանն աթոմային ոլորտին մէջ գործունէութիւն կ՚իրականացնէ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հսկողութեան ներքոյ եւ կանոններու շրջագիծէն ներս, եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային հարցը կրնայ լուծուիլ, եթէ խոշոր տէրութիւնները չափազանց մեծ պահանջներ չներկայացնեն: