image

Չինաստանը պատրաստ է Հայաստանի հետ սերտօրէն համագործակցելու աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ

Չինաստանը պատրաստ է Հայաստանի հետ սերտօրէն համագործակցելու աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ

Չինաստանը պատրաստ է Հայաստանի հետ սերտօրէն համագործակցելու աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Լրագրողներու հետ զրոյցին այս յայտարարութիւնն ըրած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մին Չենը` պատասխանելով «Sputnik Արմենիա»ի հարցին։

«Մենք տեղեկացուած ենք նոր աթոմակայանի կառուցման մտադրութեան մասին։ Ըստ հայկական կողմի պահանջներու ու անհրաժեշտութեան՝ պատրաստ ենք մասնակցելու այս բոլոր ծրագրերուն ու օգնելու հայ ժողովուրդին բարելաւել կենսամակարդակը»,–ըսած է ան։

Ժամանակաւոր հաւատարմատարը յիշեցուցած է, որ այժմ չինական կողմը Գեղարքունիքի մարզին մէջ ֆոթովոլթային կայան կը կառուցէ, որ շուտով շահագործման պիտի յանձնուի:

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի նոր հաղորդակցութիւններուն` Մին Չենը նշած է, որ Չինաստանը շահագրգռուած է ատոնց բացմամբ։ Անոր խօսքով՝ Փեքինի մէջ յոյսով են, որ տարածաշրջանի երկիրները կը յաջողին քաղաքական երկխօսութեան միջոցով լուծել առկայ բոլոր խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

«Չինական առաջատար ընկերութիւնները կ՚ուզեն մասնակցիլ տարածաշրջանի տնտեսական կեանքին, յատկապէս բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ: Հաշուի առնելով այդ` մենք պատրաստ ենք աջակցելու տարածաշրջանի առկայ խնդիրներու խաղաղ լուծման եւ ատով նպաստել «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան զարգացման»,– նշած է ան։