Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները հոկտեմբերին տեսակցած են ատրպէյճանական բանտերու մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներուն։
Այս մասին ըսած է Հայաստանի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:
Տեսակցութիւններու ընթացքին գերիներու հետ եղած են առանձնազրոյցներ, անոնց հնարաւորութիւն տրուած է կապ հաստատելու ընտանիքի անդամներու հետ։