image

Քաղաքակիրթ մողէսը

 Քաղաքակիրթ մողէսը

Դուն գիտե՞ս Մայքը՛լ, որ ես իմ մանկութեանս յաճախ լսած եմ ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ մեծ հօրս, մեծ մօրս եւ այլ վերապրողներու ոդիսականը: Հոն շատ պատկերներ կային գլխատումի, կեղեքումի բռնաբարութեան..., բայց մենք ոչինչ ընդօրինակեցինք այդ պատկերներէն: Այո՛, ատելութիւն ապրեցանք..., բայց մեր վերապրող երէցները դրական օրինակներ դարձան տոկունութեան, աշխատասիրութեան եւ անկոտրում կամքի: Անոնք իրենց ապրելաձևով ու զոհողութիւններով սորվեցուցին մեզի պահպանել Հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը...:

Ներող եղի՛ր սիրելի Մայքըլ, որ ուշադրութեանդ յանձնեցի բարդ եւ տխուր իրականութիւններ...:

 

 

Թոռնիկս՝ Մայքըլը, անակնկալ յուզմունքով ու զայրոյթով դիմեց ինծի. «Նանա՛, ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ մեռցուցիր, դուն չե՞ս գիտեր, որ մողէսը վնաս չի հասցներ»:

Մայքըլին կը նայիմ եւ չեմ հաւատար, որ ան կու լայ: Վայրկեանի  մը մէջ իր մեղրագոյն աչքերը արցունքով ողողուած են եւ կաս կարմիր դարձած։

Զարմացած կը պատասխանեմ. «Մայքը՛լ, հոգիս, մողէսը սենեակս պիտի մտնէր եւ դուն գիտես, որ քոյրդ՝ Լորին, երբ միջատ մը տեսնէ, սարսափահար կը ճչայ»:

Մայքըլին նայուածքէն կ՚իմանամ, որ տուած պատճառաբանութիւնս համոզիչ չէ: Ան բարձրաձայն կը հաստատէ. «Նանա՛, առանց մեռցնելու կրնայիր բռնել մողէսը եւ բակ վերադարձնել»:

Առաջին անգամն է, որ թոռնիկիս դիմաց կանգնած եմ յանցագործի կարգավիճակի մէջ եւ ինքզինքս «պըճըլիկ» կը զգամ իմ գործած «մեծ» մեղքիս համար: Ինքնարդարացումի միջոց չունիմ. ինչ ալ ըսեմ քաւութեան շնորհքէն զրկուած եմ:

Կը մտնեմ սենեակս եւ այդ բարակ, չորս սանթիմ մողէսը, որ քիչ առաջ սատկեցուցի, ակնթարթային բնազդովս, այժմ խոհերու տարափ մը արթնցուցած է մօտս։ Հակառակ, որ Մայքըլ կողքի սենեակն է, բայց ես միտքովս կը խօսիմ  հետը:

«Մայքըլ , լաւ գիտեմ, որ մողէսին կորուստը քեզի մեծ ցաւ պատճառեց: Բնական է այդ, քանի, որ դուն զաւակն ես այս քաղաքակիրթ երկրին, ուր վաղ հասակէդ սորված ես խնայել միջատներն ու անասունները, մինչ ես հասակ առած եմ միջավայրի մը մէջ, ուր մողէսներուն ու ճպուռներուն հետ կոպտութեամբ կը վարուէինք, որովհետեւ ծանօթ չէինք քաղաքակիրթ երկիրներու քարոզչութեան: Բարեբախտաբար յետագային իմացանք անասուններու պաշտպան հաստատութիւններու մասին եւ ծանօթացանք Պրիճիթ Պարտոյին...:

«Փառք» քաղաքակիրթ երկիրներուն, ուր անասուններուն եւ մարկանց իրաւունքները կը պահպանուին, իսկ առաւելաբար՝ մանուկներուն իրաւունքները: Առանձնաշնորհեալ են քաղաքակիրթ աշխարհի մանուկները, որոնց համար արժանի կը նկատուին՝ երջանիկ մանկութիւնը, գեր հանգիստ պայմանները, ճոխ ու ընտիր խաղալիքները...:

Մայքը՛լ, դուն արդէն տասներեք տարեկան պատանի ես եւ ատակ շատ մը երեւոյթներ ըմբռնելու: Եկուր քեզի պատմեմ քաղաքակիրթ աշխարհի «երկրորդ երեսին» մասին, որ քեզի եւ շատերուն համար կը մնայ մութ ու անյայտ։

Դուն գիտե՞ս Մայքըլ, որ այսօր, քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներ պատերազմներ կը ստեղծեն աշխարհի տարածքին, օգտագործելով այլազան լոզունգներ եւ պատրուակներ։ Անոնք զէնք ու զինամթերք վաճառելով, կազի եւ նաֆթի հորեր իւրացնելով կը հարստացնեն իրենց երկրին տնտեսութիւնը։ Լաւ իմացիր Մայքը՛լ, որ պատերազմներու ընթացքին ոչ միայն միջատներ եւ անասուններ կը սատկին, այլ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ կը ջարդուին, որոնց շարքին՝ անմեղ մանուկներ: Ռումբերու անգութ տարափին տակ ժողովուրդներ սարսափահար կը հիւծին, կը դառնան տնանկ, վիրաւոր, որբ, իսկ մեծաթիւ դիակներ չեն արժանանար սոսկ հողաթումբի մը:

Դուն գիտե՞ս Մայքըլ, որ Աստուած բոլոր մանուկները հաւասար իրաւունքներով ստեղծած է, բայց անգութ եւ ռազմասէր բռնակալներ կ՚անտեսեն այդ իրականութիւնը եւ յաճախ Աստուծոյ անունով ոճիրներ կը գործեն: Դժբախտաբար քաղաքակիրթ աշխարհի ջատագովներ կը զլանան տեսնելու ցաւալի իրականութիւնը, նոյնպէս մարդկային իրաւանց պաշտպան հաստատութիւններ կոյր եւ խուլ կը ձեւանան եւ կամ առաւելագոյնը՝ թոյլ ճիչերով կ՚արձագանգեն:

Դուն գիտե՞ս Մայքըլ, որ ես այսօր մեծ զգուշութեամբ կ՚ընտրեմ ձեզի պատմելիք եւ ընթերցելիք նիւթերս , քանի որ քաղաքակիրթ աշխարհը կը թելադրէ խնայել ԻՐ մանուկներուն երեւակայական եւ զգացական աշխարհը: Կ՚արգիլէ հեքիաթներ ու պատմուածքներ, որոնց մէջ վայրագութեան, որբութեան եւ դառն իրականութեան պատկերներ կան: Կը մտահոգուի, որ դաժանութեան արարքները ակամայ կ՚ընդօրինակուին մանուկներու կողմէ եւ կը խաթարեն անոնց նկարարագիրի առողջ կազմաւորումը: Սխալ չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը «մանրուքներ» կը թելադրէ , մինչ քայլ մը անդին ինք հսկայ եւ աններելի սխալներ կ՚արձանագրէ:

Դուն գիտե՞ս Մայքը՛լ, ես ու իմ սերնդակիցներս կարմիր գլխարկիկին եւ կացինահարուած գայլին հեքիաթով մեծցանք: Որպէս օրօր Հէնսըլ եւ Կրէթըլ որբուկներուն տառապանքը լսելով քունի մտանք, սակայն մեզմէ ոչ մէկը ուրիշին վրայ կացին բարձրացուց, կամ Հենսլին բանտարկող պառաւին նման մարդակեր դարձաւ եւ կամ որբուկի կերպարով խեղճացաւ: Ընդհակառակը մեր ակնոցով դիտեցինք ու դատեցինք բարին ու չարը, քննադատեցինք բրտութիւնն ու անխղճութիւնը: Կարեկցանքի հոգիով մօտեցանք որբին, տկարին, ծերին…։

Դուն գիտե՞ս Մայքը՛լ, որ ես իմ մանկութեանս յաճախ լսած եմ ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ մեծ հօրս, մեծ մօրս եւ այլ վերապրողներու ոդիսականը: Հոն շատ պատկերներ կային գլխատումի, կեղեքումի բռնաբարութեան..., բայց մենք ոչինչ ընդօրինակեցինք այդ պատկերներէն: Այո՛, ատելութիւն ապրեցանք..., բայց մեր վերապրող երէցները դրական օրինակներ դարձան տոկունութեան, աշխատասիրութեան եւ անկոտրում կամքի: Անոնք իրենց ապրելաձևով ու զոհողութիւններով սորվեցուցին մեզի պահպանել Հայ ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին, մշակոյթը...:

Ներող եղի՛ր սիրելի Մայքըլ, որ ուշադրութեանդ յանձնեցի բարդ եւ տխուր իրականութիւններ...:

Բարեբախտաբար դուն կը պատկանիս մողէսներու եւ մանուկներու պաշտպան «քաղաքակիրթ» աշխարհին, իսկ ես՝ մեծ մայրդ, կու գամ Միջին Արեւելքէն, հոն ուր մողէսները եւ մանուկները անխղճօրէն կը սպաննուին…։

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...