image

Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մեր Հայաստանը. Դէպի թէ՞ժ փուլ

Դէպի ո՞ւր  կ՚երթայ  մեր Հայաստանը. Դէպի  թէ՞ժ փուլ

Ժամեր առաջ իշխանական «Իմ Քայլ» խմբակցութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը շատ յստակ կերպով կ՚ընդգծէ, որ յառաջիկայ ամիսները Հայաստանի համար պիտի ըլլան բաւական «թէժ» ամիսներ։

Խօսքն անշուշտ արտահերթ ընտրութիւններու առաջարկէն ընդհանրապէս հրաժարելու մասին է, որ նաեւ ինչ որ կերպ յստակ փորձ է ամրապնդելու Փաշինեանի եւ իր սեղմ վարչախումբին քաղաքական յենարանները։

Ժողովուրդին անունով խօսելէ, ու ժողովուրդը որպէս վահան գործածելէ անդին գործող իշխանութիւնները «վճռած» են ամէն ինչ ընել պահելու համար իրենց իշխանութիւնը։

Այլ խօսք, որ եթէ այսօր ընտրութիւններ կայացուին այսօրուան իշխանութիւնը, ինչ տոկոս քուէ պիտի կարողանայ հաւաքել, կամ թէ հաւաքուած քուէները արդեօք իրողապէս բաւարար պիտի ըլլան, որ «Իմ քայլ»ականները առանց խափանումի, եւ արձակուած ձեռքերով գործեն։

Այստեղ անշուշտ կը ծագի հիմնական խնդիր, որովհետեւ առկայ իրավիճակը, որ ոչ մէկ կերպ բնականոն իրավիճակ մըն է, ունի բազմերանգ հանգոյցներ, որոնց լուծումը ժողովուրդը, կամ ընտրող մասսան չէ որ պիտի տան։

Մեզի կը թուի նաեւ, որ ստեղծուած դրութիւնը ամոքելու ամենաիրաւական միջոցը սահմանադրական ճանապարհն է, որ ինչ-ինչ պատճառներով դարձած է անազդու գործիք։

Մենք տագնապահար ենք. Տուած ենք մեծ կորուստներ, կորսնցուցած են մեծ տարածքներ, ունինք հարիւրաւոր գերիներ, տնտեսական բարդ դրութեան առջեւ ենք ու այս բոլորէն անդին կ՚ապրինք ներ-քաղաքական անհանգիստ իրավիճակ մը։

Այս բոլորին կողքին յստակ է նաեւ, որ ընտրութիւններու բարեյաջող անցակման պարագային մենք առիթ պիտի ունենայինք աւելի յստակ եւ համընդհանուր պրիսմակով մը հաւաքել քաղաքական պատկերի համընդհանուր գոլաժը ու մտնել պարտութիւնէն դէպի յաղթանակ երթալու իրական փուլը։

Սակայն այդպէս չէ իրավիճակը։

Թերեւս, առանց կանխամտածուած մօտեցումի, այսօր իշխանութիւնները արտահերթ ընտրութիւններու սահմանադրական վերջին ճանապարհը փակելով երկիրը կրնան տանիլ շատ աւելի դժուար ճանապարհով մը։

Որոշումը իրենց ձեռքն է, ու աւելի քան յստակ է, որ ներքին համերաշխութեան բացակայութեան մթնոլորտին մէջ նոյն իշխանութիւնները ամէն օր պիտի նահանջեն ու քայլ մը ետ երթան, մինչեւ այն պահը, երբ «ժողովրդային կամք»ի մեծ պահը հասուննայ եւ նոյն ժողովուրդը, որ զիրենք շուրջ  2 տարի առաջ իշխանութեան բերաւ «շախ մատ» մը ընելով զիրենք ուղարկէ, հոն ուր պէտք է ուղարկէ...։

Ի դէպ փաստ է նաեւ, որ այս մակարդակի գործընթացներու պարագային հարկը կայ ժամանակի գործօնին, որուն շնորհիւ ալ «ամլացած» կարծուող ժողովուրդի «լոքոմոթիւ»ը, իր տեղէն պիտի շարժի ու Հայաստանը տանի աւելի պայծառ օրերու։

Լաւ չէ անշուշտ փակել սահմանդրական ճանապարհի վերջին պատուհանը ու հաշուի չառնել, որ ընտրութեանց ճամբով, իր ժողովուրդին կռնակ դարձուցած իշխանութիւնը, մեծ առիթ ունի պահպանելու բոլոր մակարդակի այն թէզերը, որոնք կամաց-կամաց պիտի կարողանան ուտել իր թեւերը։

Փաստ է, որ ընտրութիւնները ջնջելու «առաջարկ»ով իշխանութիւնները Հայաստանը պիտի տանին դէպի աւելի վտանգաւոր եւ նոյնիսկ լարուած ժամանակի մը, որուն համար ալ անոնք պատրաստ պէտք է ըլլան կրելու ամբողջական պատասխանատւութիւն։