image

Դամասկոսի արեւելեան հատուածը դարձեալ պատերազմական բեմ

Դամասկոսի արեւելեան   հատուածը  դարձեալ պատերազմական բեմ

Անցնող   օրերուն  մայրաքաղաք  Դամասկոսի  յատկապէս արեւելեան հատուածը թատերաբեմ հանդիսացած է պատերազմական թէժ գործողութիւններուն:   Այս մասին   տեղեկութիւնը տրուած է  Դամասկոսի լուրերը փոխանցող  դիմատետրի  էջերու  կողմէ: Կը փոխանցուի նաեւ,  որ անցնող օրերուն  գրանցուած  պայթումներուն   որոտը  լսելի դարձած է մայրաքաղաքի  կեդրոնական հատուածներուն մէջ:  «Արեւելք»ի Դամասկոսի աղբիւրին փոխանցմամբ հրթիռներու եւ  արկերու պայթումներուն  ձայնը նոյնպէս շատ մօտ եղած է հայաբնակ շրջաններուն եւ մասնաւորապէս Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարանի շրջանին: Արաբական մէկէ աւելի կայաններ կը հաղորդեն, որ    հրթիռարձակումները տեղի կ'ունենան  հանգրուանի մը,   երբ Սուրիոյ  բանակը կը պատրաստուի  ծանր եւ վճռական հարուած  տալ մայրաքաղաքի արեւելեան-գիւղական շրջաններուն մէջ   գտնուող  ահաբեկիչներու դիրքերուն եւ յատկապէս Ղութա  շրջանին, որ կը համարուի ահաբեկիչներու  գլխաւոր  կեդրոնատեղի: