image

Եգիպտոսի Արտաքին նախարարութիւնը մեծարեց Եգիպտահայերու երկդարեայ ներդրումը

Եգիպտոսի Արտաքին նախարարութիւնը մեծարեց Եգիպտահայերու երկդարեայ ներդրումը

Եգիպտոսի արտաքին նախարարութիւնը, օրերս, հիւրընկալած է եգիպտահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները՝ առիթը օգտագործելով արժեւորելու հայազգի եգիպտացիներու դարաւոր ներդրումը երկրի պետական ու հասարակական կեանքին մէջ։ Հանդիպումին ընթացքին ներկայացուած է նաեւ Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան մէջ եգիպտահայերու դերակատարութեան նուիրուած փաստագրական ցուցահանդէս մը՝ յատուկ անդրադարձով հայազգի պետական գործիչներու ներդրումին։

Գահիրէ, «Յուսաբեր»․- Եգիպտոսի արտաքին նախարարութիւնը Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբերին հիւրընկալեց եգիպտահայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։ Եգիպտոսի արտաքին, միջազգային համագործակցութեան եւ արտերկրի եգիպտացիներու նախարար Պատր Ապտըլ Աթիի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին՝ արժեւորուեցաւ հայազգի եգիպտացիներու երկարամեայ ներդրումը եգիպտական պետութեան կառուցման ու զարգացման մէջ։

Հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծանօթացան նախարարութեան կազմակերպած փաստագրական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան մէջ եգիպտահայերու ունեցած դերակատարութեան։ Ցուցադրուած լուսանկարները, պետական փաստաթուղթերն ու պատմական իրերը կը ներկայացնեն ոչ միայն հայ համայնքի պատմութիւնը, այլեւ հայազգի պետական գործիչներու մասնակցութիւնը ժամանակակից Եգիպտոսի պետական հաստատութիւններու կազմաւորման։

Ցուցահանդէսը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի Եգիպտոսի արտաքին գործերու պետական համակարգի սկզբնաւորման 200 ամեակին։

1826ին Մուհամմատ Ալի փաշա ստեղծեց առեւտուրի եւ եւրոպական հարցերու դիւանը՝ անոր ղեկավարութիւնը վստահելով հայազգի Պօղոս պէյ Եուսուֆեանին։ Այս կառոյցը հետագային դարձաւ Եգիպտոսի կազմակերպուած արտաքին յարաբերութիւններու պետական համակարգին կորիզը։ Այս պատճառով ցուցահանդէսին մէջ Պօղոս պէյ Եուսուֆեան կը ներկայացուի իբրեւ Եգիպտոսի արտաքին առաջին նախարար եւ ժամանակակից եգիպտական պետական վարչամեքենայի կազմաւորման մէջ կարեւոր դեր ունեցած հայազգի գործիչ։

Եգիպտոսի ՀԲԸՄը այս առիթով արտաքին նախարարութեան թանգարանին նուիրած է եգիպտահայ ծանօթ քանդակագործ Սարգիս Թոսունեանի պատրաստած Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի կիսանդրին։

Ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ նաեւ արտաքին պետական համակարգին մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած ուրիշ հայազգի գործիչներ՝ Արթին պէյ Չրաքեան, Ստեփան պէյ Տէմիրճեան, Նուպար փաշա Նուպարեան եւ Տիգրան տ՛Ապրօ փաշա։

Նուպար փաշայի դերակատարութիւնը արտաքին յարաբերութիւններով չէ սահմանափակուած։ 1878ին, Եգիպտոսի առաջին նախարարաց խորհուրդի կազմութեան ժամանակ, ան դարձած է երկրի առաջին վարչապետը՝ միաժամանակ վարելով արտաքին նախարարի պաշտօնը։

Ցուցահանդէսին արժէքը նաեւ այն է, որ հայերու ներդրումը կը ներկայացուի վաւերական փաստաթուղթերով եւ պատմական իրերով։ Ցուցադրուած են Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի լուսանկարը, 1892ին Եգիպտոսի եւ Իտալիոյ միջեւ առեւտուրի եւ նաւարկութեան համաձայնագիրին վրայ Տիգրան տ՛Ապրօ փաշայի ստորագրութիւնը, Գահիրէի ՀԲԸՄի պատմական փաստաթուղթերն ու կնիքները, Պօղոս Նուպարի անունով 1898ին Փարիզի մէջ տրուած գիւտի արտօնագիրը, ինչպէս նաեւ Նուպար փաշայի նամակագրութեան, յուշերուն եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթեր։

Առանձին եւ պատուաւոր տեղ յատկացուած է նաեւ եգիպտահայ նշանաւոր ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի գործերուն։ Սարուխան իր արուեստով տասնամեակներ շարունակ արձանագրած ու մեկնաբանած է Եգիպտոսի եւ աշխարհի քաղաքական, ընկերային ու մշակութային կեանքը՝ կարեւոր հետք ձգելով եգիպտական մամուլի եւ ծաղրանկարչութեան պատմութեան մէջ։ Ցուցադրուած գործերը նախարարութեան տրամադրած են Սարուխանի ընտանիքն ու թոռնուհին՝ Սիլվա Պալատեան։

Եգիպտոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ բժ․ Արմէն Մազլումեան, անդրադառնալով ցուցահանդէսին նշանակութեան, ընդգծած է եգիպտահայ փորձառութեան առանձնայատկութիւնը՝ նշելով, որ Եգիպտոսի մէջ հայկական ներկայութիւնը պարզապէս համայնքի մը պատմութեան մէկ գլուխը չէ, այլ Եգիպտոսի նորագոյն պատմութեան եւ ազգային ուղիին մէկ մասը։ Անոր համաձայն՝ եգիպտահայ փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ կարելի է միաժամանակ հպարտանալ սեփական արմատներով, հաւատարիմ մնալ հայրենիքին, պահպանել մշակութային առանձնայատկութիւնը եւ ամբողջական մասնակցութիւն ունենալ հասարակութեան կեանքին։

Յիշեցնենք, որ 200 ամեակին առիթով Եգիպտոսի նամակատունը հրապարակած էր Պօղոս պէյ Եուսուֆեանի նկարով յուշադրոշմաթուղթ։

Եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Եգիպտոսի պետութեան՝ հայազգի եգիպտացիներու պատմական ներդրումը արժեւորելու եւ ցուցահանդէսը կազմակերպելու համար։