image

Չինաստան-ԱՄՆ մեծ հակամարտութիւնը

Չինաստան-ԱՄՆ մեծ հակամարտութիւնը

 

Հետեւաբար, հարց մը ինքզինք կը պարտադրէ այսօր. արդեօք Չինաստան պիտի չընդունի՞ Ռուսաստանի ըրածը Ուքրայնայի դէմ՝ մինչ ինքզինքին կ՚արտօնէ առկայ բոլոր կարմիր գիծերը խախտել Թայուանի հարցով: Իսկ ինչ կը վերաբերի Մաքրոնի Չինաստան այցին, ատիկա նման է բարեկամէ մը օգնութիւն հայցելու՝ լուծելու համար մեծ վէճ մը մէկ կողմէ Արեւմուտքին եւ այդ «բարեկամի» դաշնակիցին՝ Ռուսաստանի միջեւ: Մաքրոն Ֆրանսայի մէջ ներքին ճգնաժամ կ՚ապրի, կենսաթոշակային բարեփոխումներու եւ Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժումէն յառաջացած տնտեսական տագնապին պատճառով, ան պէտք ունի յաջողելու թէ՛ ներքին եւ թէ Եւրոպայի մակարդակով: Ռուսաստան-Ուքրայնա հարցը լուծում չունի՝ բացի Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու ճանապարհէն: Բայց, երբ Մաքրոնի եւ Փութինի հանդիպումը Ուքրայնայի հարցով ձախողեցաւ անցեալ տարի, ֆրանսացի նախագահը նախաձեռնեց դիմել Չինաստանին՝ համարելով, որ այդ լաւ առիթ է, որպէսզի ինք երեւի թէ՛ ֆրանսական եւ թէ եւրոպական դաշտին վրայ: Այդ բոլոր ճիգերէն անդին, Մաքրոն միայն խոստումներ ստացաւ Փեքինէն եւ այդ խոստումները մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ։

 

 

Մեծ թիւով վերլուծաբաններ կը կարծեն, թէ Ուքրայնայի պատերազմը ընդամէնը սկիզբ մըն է այն մեծ հակամարտութեան համար, որ կրնայ որեւէ պահ ծագիլ Չինաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ։ Ուաշինկթըն գլխաւոր հակառակորդ կը համարէ Փեքինը։ Անոնք ունին բաւական մեծ մրցակցութիւն, որու առանցքը տնտեսական պայքարն է։

ԱՄՆ մեծապէս դժգոհ է, որ Չինաստան կը շարունակէ աճիլ ու աւելիով ընդարձակել իր տնտեսական դերակատարութիւնը։ Չինաստան շատ լաւ կը հասկնայ, որ իր ձեռք ձգած տնտեսական ներուժը եւ կարելիութիւնները պէտք է վերածուին քաղաքական զէնքի։ Ինչ խօսք, որ այս բոլորի կողքին կան կարծիքներ, ըստ որոնց, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը ձեւով մը յետաձգած է Չինաստան-ԱՄՆ մեծ պայքարը, որ իր մէջ կը պարունակէ ո՛չ միայն տնտեսական կամ ելմտական երեսակներ, այլեւ ունի աշխարհաքաղաքական, ընկերային եւ հեռանկարային դրուածքներ։

Այս բոլորով հանդերձ, խորքին մէջ ամենամեծ հարցադրումը հետեւեալն է. Չինաստան պիտի կարողանա՞յ իր ձեռքը առնել այն միջազգային թաղանթ եւ աւիշ ունեցող կառոյցները, որոնք այսօր կը գտնուին ԱՄՆ-ի ձեռքը։ Այս հարցումին մէջ կան բազում շերտեր, որոնք նաեւ լոյսին պիտի բերեն այն կարեւոր գաղտնաբառը, ըստ որուն, Չինաստան ուզելէ անդին պիտի կարողանա՞յ փոխարինել ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը։

Չի բացառուիր նաեւ, որ ԱՄՆ-Չինաստան հակամարտութիւնը ըլլայ դասական որակէ դուրս, իր մէջ պարունակէ բոլորովին նոր հասկացութիւններ, որոնք ոչ անպայման կը խօսին կամ կը պատմեն կողմի մը պարտութեան կամ միւս հակադիր կողմի յաղթանակին մասին։

Խնդիրը բաւական տարբեր է ու ամենակարեւորն է, որ արդեօք ԱՄՆ Չինաստանը որպէս գործակից եւ հաւասարազօր ուժի տէր մրցակից պիտի ընդունի՞։ Ի վերջոյ, Ուքրայնայի պատերազմի վերջին դասերը բոլորին համար հասանելի դարձած են ու այդ առումով ալ աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ Չինաստան ոչ մէկու եւ յանուն նոյնիսկ իր կարճաժամկէտ շահերուն չի մխրճուիր  պատերազմի մէջ ու չի կանգնիր Ռուսաստանի կողքին։ Սա ինքնին կարեւորագոյն նշան պէտք է համարել, թէ որքան «փրակմաթիք» են Փեքինի այսօրուան տէրերը, որոնք լաւ հասկցած են, թէ ինչ կը նշանակէ պատերազմի երթալ ու պայքարիլ Արեւմուտքին դէմ։ Ու այս պարունակով ալ դիտուած՝ աւելի քան պարզ ու յստակ է, որ չին-ամերիկեան հակամարտութեան տեսակէտէ Ուքրայնայի պատերազմը, ռուսերուն նահանջը, նաեւ ուքրանական կողմին համար պայքարը եղան այդ դրական կշռաքարերը, որոնք ինչ-որ տեղ դարպասեցին Փեքին-Ուաշինկթըն մեծ պայքարը։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-Չինաստան մեծ պայքարին մասին ուշագրաւ դիտարկումներ կատարած է՝ քաղաքագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան, որ հարցազրոյց մը տուած է «Ալ Ժուսուր» պարբերականին համար։ Ըստ իրեն, Չինաստանի քաղաքականութիւնը դարձած է աշխարհի կիզակէտը: Վերլուծաբաններու համոզմամբ, սա կը բնութագրուի հակասութիւններով: Մէկ կողմէ Չինաստան կախարդական փայտիկով մը կը հալեցնէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու սառոյցը, կը ձգտի վերջ դնել Ուքրայնայի պատերազմին, միւս կողմէ, սակայն, կը հրահրէ հակամարտութիւնը Թայուանի հետ: Չինաստանի բանակը երեք օր տեւողութեամբ կատարած է զօրավարժութիւններ կղզիին շուրջ, ի պատասխան Թայուանի նախագահ Ցայ Ին Վենի ԱՄՆ տուած այցելութեան։

Փեքինի միջնորդութիւնը Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններուն կը մարմնաւորէ «չինական յոյսեր»ը Միջին Արեւելքի մէջ՝ խաղաղութիւն հաստատելու։ Միեւնոյն ժամանակ, Փեքին չի բացառեր ուժի կիրառումը՝ Թայուանը իր վերահսկողութեան տակ առնելու համար։ Ան կղզին կը համարէ իր անբաժանելի մասը։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի Չինաստան այցն ալ՝ ընկերակցութեամբ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենի, կը հաստատէ Փեքինի դիրքը համաշխարհային քաղաքականութեան ձեւաւորման գործին մէջ, նաեւ կ՚արտացոլէ անոր դերը՝ որպէս միջազգային խաղացող Ռուսաստանի հետ հաղորդակցելու, ներկայ պատերազմին լուծում գտնելու առընչութեամբ։ Սա մանաւանդ՝ այն պայմաններուն ներքեւ, երբ այլ երկիրներ ձախողեցան կարգաւորել Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժման հետ կապուած հարցերը. ինչպէս՝ Թուրքիան:

Չինաստան, որ մարտահրաւէր կը նետէ ԱՄՆ-ին՝ ստեղծելով բազմաբեւեռութիւն, Մաքրոնի այցը պիտի օգտագործէ բարելաւելու իր միջազգային կերպարը եւ հաստատելու, որ ինք աշխարհի կայունութեան մէջ կարեւոր դեր ունի:

Չինաստանի միջնորդութեան յաջողութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ, մեծ վստահութիւն ներշնչեց դրականօրէն միջամտելու առումով անլուծելի հակամարտութիւններուն եւ հասնելու լուծումներու, որոնք կը բաւարարեն հակամարտ կողմերը: Սէուտական Արաբիա-Իրան հակամարտութեան կարգաւորումը (գոնէ ժամանակաւորապէս) Չինաստանին ապահովեց մեծ վստահելիութիւն՝ հակամարտութիւնները կառավարելու եւ կարգաւորելու հարցով, ինչ որ խթանեց ընդունելու միջամտութիւնը նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան, թէկուզ ձեւական, Մաքրոնի եւ Ֆոն տեր Լէյենի Փեքին կատարած այցի միջոցաւ։

Չինաստան առիթէն պիտի օգտուի եւ պիտի օգտագործէ այս այցը ԱՄՆ-ի դէմ՝ աշխարհին ներկայանալով, թէ ինք կը ձգտի լուծել հակամարտութիւնները, մինչդեռ ԱՄՆ կը գրգռէ զանոնք: Սակայն Չինաստան թէ՛ այս բանը կ՚ընէ եւ թէ հակառակը: Արդարեւ, եթէ կը փորձէ ներկայանալ՝ որպէս խնդիր լուծող Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժման հարցով եւ ցուցաբերել քաղաքական ճկունութիւն այս ուղղութեամբ, ապա նաեւ կոշտ դիրքորոշում մը կը դրսեւորէ Թայուանի հարցով՝ նկատելով, որ վերջինս Չինաստանի անբաժանելի մասն է եւ կ՚որդեգրէ «Մէկ Չինաստան» քաղաքականութիւնը։

Հետեւաբար, հարց մը ինքզինք կը պարտադրէ այսօր. արդեօք Չինաստան պիտի չընդունի՞ Ռուսաստանի ըրածը Ուքրայնայի դէմ՝ մինչ ինքզինքին կ՚արտօնէ առկայ բոլոր կարմիր գիծերը խախտել Թայուանի հարցով: Իսկ ինչ կը վերաբերի Մաքրոնի Չինաստան այցին, ատիկա նման է բարեկամէ մը օգնութիւն հայցելու՝ լուծելու համար մեծ վէճ մը մէկ կողմէ Արեւմուտքին եւ այդ «բարեկամի» դաշնակիցին՝ Ռուսաստանի միջեւ: Մաքրոն Ֆրանսայի մէջ ներքին ճգնաժամ կ՚ապրի, կենսաթոշակային բարեփոխումներու եւ Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժումէն յառաջացած տնտեսական տագնապին պատճառով, ան պէտք ունի յաջողելու թէ՛ ներքին եւ թէ Եւրոպայի մակարդակով: Ռուսաստան-Ուքրայնա հարցը լուծում չունի՝ բացի Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու ճանապարհէն: Բայց, երբ Մաքրոնի եւ Փութինի հանդիպումը Ուքրայնայի հարցով ձախողեցաւ անցեալ տարի, ֆրանսացի նախագահը նախաձեռնեց դիմել Չինաստանին՝ համարելով, որ այդ լաւ առիթ է, որպէսզի ինք երեւի թէ՛ ֆրանսական եւ թէ եւրոպական դաշտին վրայ: Այդ բոլոր ճիգերէն անդին, Մաքրոն միայն խոստումներ ստացաւ Փեքինէն եւ այդ խոստումները մնացին խօսքի սահմաններուն մէջ։

 

  Նշենք, որ Դոկտ.  Սահակ  Անտէքեանի մեկնաբանութիւնները լոյս տեսած են «Ժուսուր» կայքին մէջ,  ուր մեր հայրենակիցը կը պատասխանէ Լիբանանցի լրագրող Էլիաս Մաալուֆի  հարցումներուն։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս