image

Չիլիի Խորհրդարանը Մերժած է Ազրպէյճանամէտ բանաձեւը

Չիլիի Խորհրդարանը Մերժած է Ազրպէյճանամէտ բանաձեւը

Չիլիի խորհրդարանը 22 յունիsին մերժած է ազրպէյճանական լոպիին կողմէ առաջ մղուած այն բանաձեւը, ուր կը պահանջուէր դատապարտել «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը» եւ կը դատապարտուէր «Ազրպէյճանի հողերուն բռնագրաւումը»։

Նշենք, որ ազրպէյճանական լոպին իր այս քայլով կը փորձէր հակադարձել Չիլիի խորհրդարանին կողմէ 18 մայիսին վաւերացուած մէկ որոշումին, որ կը դատապարտէր Արցախի վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումը։

Քուէարկութենէն առաջ, Արժանթինի եւ Չիլիի մօտ Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան խորհրդարանի անդամներուն նամակներ յղած էր՝ բացայայտելով պատմական իրականութիւնները։ Նամակները ստորագրած են Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի եւ Չիլիի հայ համայնքի ներկայացուցիչները ու ինք՝ դեսպանը։