image

Ալէն Տելոնի կտակի մէկ կէտը հարազատները մերժած են կատարել. Ինչ կէտի մասին է խօսքը

Ալէն Տելոնի կտակի մէկ կէտը հարազատները մերժած են կատարել. Ինչ կէտի մասին է խօսքը

Ալէն  Տելոնի ընտանիքը հրաժարած է կատարելէ ֆրանսական եւ համաշխարհային շարժապատկերի աստղի կտակի այն կէտը, որով դերասանը խնդրած է մարդկայնօրէն հեշտ մահուան ենթարկել իր սիրելի շունը եւ թաղել տիրոջ հետ։

Անցեալ կիրակի 88 տարեկան հասակին մահացած Ալէն  Տելոն ցանկացած է մահէն յետոյ ալ չբաժնուիլ իր պելճիքական հովուաշունէն՝ Լուպօ մականունով, սակայն կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպաններու բողոքի ալիքի ժամանակ դերասանի դուստրը՝ Անուշքան, խոստացած է, որ 10-ամեայ հովուաշունը ողջ կը մնայ եւ կը շարունակէ ապրիլ դերասանի ընտանիքին հետ:

Ֆրանսական «Պրիճիթ Պարտօ» բարեգործական հիմնադրամը, որ կը զբաղի կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, X ընկերային հարթակով յայտնած է, որ Տելոնի դուստրը հաստատած է, որ ոչ ոք կը պատրաստուի հեշտ մահուան ենթարկել Լուպօն, շունն ունի տուն եւ ընտանիք: