image

Էրտողան մերժած է ՄԱԿ-ի կողմէ առաջադրբւած միացեալ Կիպրոսի ծրագիրը

Էրտողան մերժած է ՄԱԿ-ի կողմէ առաջադրբւած միացեալ Կիպրոսի ծրագիրը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան վճռականօրէն մերժած է ՄԱԿ-ի աջակցութիւնը ստացող Կիպրոսը վերամիաւորելու ծրագիրը: Ան հաստատած է իր աջակցութիւնը երկու պետութիւններու գործարքին, որ մերժած են Կիպրոսի ներկայացուցիչները՝ այն համարելով անիմաստ:

Էրտողան ելոյթ ունեցած է կղզիի հիւսիսը տեղի ունեցած շքերթի եւ հանդիսաւոր միջոցառումներու ժամանակ՝ նուիրուած թրքական ներխուժման 50-ամեակին: Թուրք առաջնորդը բացառած է բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւնը՝ ըստ ՄԱԿ-ի այն ժամանակուան ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի ծրագրի, որ առաջարկած էր ստեղծել Կիպրոսի Միացեալ Հանրապետութիւն՝ երկու պետութիւններու դաշնութեան հիման վրայ։

Ծրագիրը հանրաքուէի դրուած է 2004 թուականին եւ ստացած կղզիի հիւսիսը բնակող կիպրացի թուրքերու 65%-ի հաւանութիւնը: Մինչդեռ հարաւային հատուածի կիպրացի յոյներու աւելի քան 75%-ը մերժած էր առաջարկը։

Կէս դար անց դիրքորոշումները փոխուած են, Էրտողան այսօր կտրականապէս մերժած է Կիպրոսի խնդրի լուծման դաշնային տարբերակը: