Հայկական կողմն առաջարկած է Փաշինեան-Ալիեւ երկկողմ հանդիպում կայացնել Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, սակայն ատրպէյճանական կողմը մերժած է առաջարկը։ Այդ մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Անի Բադալեանը։
«Հայկական կողմի առաջարկն ուժի մէջ է։ Հայաստանը նաեւ վերահաստատում է իր առաջարկը` ինտենսիւացնել բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւնները եւ մէկ ամսուայ ընթացքում հասնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը»,-ըսուած է ԱԳՆ խօսնակի մեկնաբանութեան մէջ։
Աւելի վաղ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած էր, թէ իբր Նիկոլ Փաշինեանը հրաժարած է Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպելէն՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս․ «Այս հանդիպումէն հրաժարիլը կը համարենք երկխօսութենէն եւ խաղաղութեան օրակարգն առաջ մղելէն ետ կանգնելու մտադրութեան դրսեւորում»,- ըսած էր Հաճիեւ։
Ըստ ատրպէյճանական կողմի՝ հանդիպում կայացնելու առաջարկով հանդէս եկած է Մեծ Բրիտանիան։ Հաճիեւի խօսքով՝ նախ պէտք է տեղի ունենար Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետի հանդիպումը, ապա շարունակուէր Հայաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով։