image

Բնիկ լիբանանահայ նուիրեալ հայ Նազարէթ Գեւոնեանի յիշատակին

 Բնիկ լիբանանահայ  նուիրեալ հայ Նազարէթ Գեւոնեանի յիշատակին

«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ աշխոյժ անդամներէն էր։ Անվերապահօրէն կը սատարէր քալիֆորնիահայ գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներուն, հաւատալով մամուլի անհրաժեշտութեան եւ դրական դերին։

Վերջին շրջանին, ի մասնաւորի Կիրակի երեկոները, Նազարէթի տունը կը վերածուէր հանդիպման կայանի մը՝ հարազատներու, բարեկամներու եւ մօտիկ ընկերներու համար, զրուցելու եւ գաղափարներ փոխանակելու օրուան հրատապ եւ կենսական հարցերուն շուրջ։

 

 

Ո՞վ էր Նազարէթ Գեւոնեան

Նազարէթ Գեւոնեան ծնած է 1941ին, Պէյրութ, Լիբանան: Ծնողքը‘ Գեղօն եւ Ժանէթ, բախտաւորուած են 4 զաւակներով՝ Սօսի, Նազարէթ, Ռաֆֆի եւ Արփինէ:

Նազարէթ նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգային Սահակեան վարժարանին մէջ: Երկրորդական ուսման համար կ՛ընդունուի ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը, սակայն պատանի Նազարէթին երազը կիսատ կը մնայ, երբ 14 տարեկանին կը կորսնցնէ երիտասարդ հայրը, սրտի կաթուածի հետեւանքով:

Իբրեւ երէց զաւակ, կը ստանձնէ ընտանիքին հոգը, շարունակելով հօրը յաջողակ գործը՝ ճաշի կազօճախներու պատրաստութիւնը: Որոշ ժամանակ ետք, իր ձեռներէց եւ յառաջադէմ միտքը զինք կը մղէ աւելի արդիւնաւէտ գործի մը՝ մետաղեայ դարակներու արտադրութեան, յատկապէս գրասենեակներու եւ պահեստանոցներու համար:

Կարճ ժամանակուան մը ընթացքին, ան կը հասնի յաջողութեան, սակայն տասնամեակ մը ետք՝ 1975ին, կը սկսի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ հեռատես գիտակցութեան տէր Նազարէթը 1977ին կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ եւ կը հաստատուի Կլենտէյլ:

Կլենտէյլի մէջ, Նազարէթ կը հիմնէ Armen Art, Inc. կահոյքի ընկերութիւնը, առաւելաբար ներածելով իտալական արտադրատեսակներ: Ան գործի բերումովյաճախ կը ճամբորդէ օտար երկիրներ եւ հոն հայկական հետքեր կը փնտռէ, ինչպէս՝ հայկական բնակավայր մը, հայրենակից մը, հայկական լքուած եկեղեցի մը, գերեզմանատուն մը եւ այլն:

Այս ուղղութեամբ Նազարէթի հետաքրքրութիւնը զինք կը մղէ »Երկիր եւ Մշակոյթ« միութեան, որուն նպատակն է պատմական Հայաստանի յուշարձաններու հետապնդման եւ պահպանման աշխատանքները: Այդ գործին մէջ նաեւ ներգրաւած էր իր դուստրը՝ Թամար:

Նազարէթ բախտաւորուած էր երեք զաւակներով՝ Թամար, Գեղօն եւ Թալին, որոնք կը մեծնան ազգային եւ հայրենասիրական նուիրումի եւ բարեսիրական ոգիով: 

Նազարէթ ոչ մէկ ատեն պատիւի եւ աթոռի հետամուտ եղած է, սակայն իր նուիրած աթոռները կահաւորած են սրահները շատ մը հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ միութիւններու: Ան վերջին տարիներուն գործը յանձնած էր իր տղուն՝ Գեղօնին, որ յաջողապէս կը շարունակէ հօրը աշխատանքը:

Նազարէթ միշտ սատար հանդիսացած էր հայկական միութիւններու եւ նեցուկ կանգնած հայ մամուլին, դրական աշխատանք մը, որ ներշնչած էր նաեւ իր զաւակները:

Եկեղեցասէր Եւ Ազգասէր Հայը՝ Նազարէթ Գեւոնեան. Պերճ Չոլաքեան 

Ստորեւ՝ Նազարէթ Գեւոնեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին Պերճ Չոլաքեանի ներկայացուցած մահախօսականը.

Գերաշնորհ սրբազան հայրեր, արժանապատիւ հոգեւոր հայրեր, հարազատներ եւ սգակից բարեկամներ։

Խոր ցաւով իմացայ Նազարէթ Գեւոնեանի մահուան ցնցիչ գոյժը։

Ուշ գիշերուան մը լռութեան մէջ, տրտում զգացումով մը, կը փորձէի թուղթին յանձնել անցեալի մտորումներս՝ աւելի քան 35 տարիներու վրայ երկարող բարեկամութիւնս, թէ՛ ընկերային թէ՛ աշխատանքային բնագաւառներուն մէջ, ինչ որ թոյլ կու տան հարազատօրէն ու հակիրճ կերպով արտայայտելու Նազարէթին յատկանիշներունհամոզումներուն եւ հայրենասիրութեան մասին։

Ան բուռն հաւատացողն էր ընկերային, ազգային եւ մարդկային արժէքներու։ Յարատեւող եւ ստեղծագործ նկարագրի տէր անձն էր։ Ունէր դրական կեցուածք կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու նկատմամբ՝ իր կամքի դրսեւորած ուժին ապաւինելով։ Ընկերասէր էր, հաստատամիտ եւ սկզբունքային համոզումներով կը կառչէր իր որոշումներուն։ Լայնասիրտ ու համբերատար, մարդասէր եւ ազգասէր անձ մը, նուիրեալ ՀԱՅ մը։

Առատաձեռն էր իր նուիրատուութիւններուն ընթացքին եւ անսակարկօրէն նեցուկ կը կանգնէր բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն՝ անխտիր։

Հաւասարակշռուած ու նրբանկատ մօտեցումով կը կշռադատէր իր բոլոր որոշումները՝ մօտիկ բարեկամներու հետ, իր վերջնական համոզումը ունենալու համար։ Ունկնդրելով, ապա շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուելով՝ կ՛արժեւորէր իր համեստ համոզումը։

Այս էր իր ընդհանուր վարքագիծը։

Կը ձայնակցէր բոլոր մտահոգութիւններուն, անտարբեր եւ ձեռնածալ չէր մնար ու կը փորձէր իր անմիջական օգնութիւնը նուիրել բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունէին անհրաժեշտ ու անմիջական նպաստի։

Ասպնջական ոգիով սնած, յաճախ այդ ցուցաբերած էր իր բարեկամներուն։

Կեանքի փորձառութիւնը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ իր հոգեկան եւ մտային պաշարը եւ ընկերային շրջանակը հարստացնելու գործին մէջ։

Եղած է բուռն հայրենասէր մը եւ միասնականութեան ջատագով մը։

«Երկիր եւ Մշակոյթ» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ աշխոյժ անդամներէն էր։ Անվերապահօրէն կը սատարէր քալիֆորնիահայ գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներուն, հաւատալով մամուլի անհրաժեշտութեան եւ դրական դերին։

Վերջին շրջանին, ի մասնաւորի Կիրակի երեկոները, Նազարէթի տունը կը վերածուէր հանդիպման կայանի մը՝ հարազատներու, բարեկամներու եւ մօտիկ ընկերներու համար, զրուցելու եւ գաղափարներ փոխանակելու օրուան հրատապ եւ կենսական հարցերուն շուրջ։

Ոչինչ կը խնայէր իր զաւակներուն մէջ սերմանելու ազգային գիտակցութեան ոգին, հայրենասիրութիւնը եւ հայերէնի կարեւորութիւնը։

Ափսո՜ս, Նազարէթ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհէն, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն, բարեկամներուն եւ անմիջական շրջապատին։

Մեծ է Նազարէթը կորսնցնելու վիշտը եւ դժուար սփոփելի։ Կորսնցուցինք ազգասէր, կարեկցող եւ ընկերասէր անձ մը եւ անտարակոյս՝ բացակայութիւնը այնքան զգալի պիտի ըլլայ յետագայ օրերուն։

 Սփիւռքահայութեան պարտէզէն շիջանեցաւ պտղատու ծառ մըն ալ եւս։

 Նազարէթ պիտի մնայ փայփայուած յիշատակ մը մեր հոգիներուն ու մտքերու թանգարանին մէջ։

 Կարօտով զինք պիտի փնտռենք ու յիշենք։

 Անսպառ մխիթարութիւն եւ սփոփանք ընտանեկան պարագաներուն եւ բոլորին։

 Թող իր հոգին հանգիստ սաւառնի յաւերժական խաղաղութեան մէջ։

 Բիւր յարգանք եւ յաւիտենական հանգիստ հոգիին։

 Յիշատակդ անթառամ, անգին բարեկամ.

 Սրտակից կրտսեր բարեկամդ՝

 Պերճ Չոլաքեան

 

Նիւթը՝  «Ասպարէզ»էն