image

Բացումը՝ Դեկտեմբերին

Բացումը՝ Դեկտեմբերին

1543-ին Ժան Քալվին գրած է «Մասունքներու մասին շարադրանք» աստուածաբանական աշխատութիւնը, ուր նկարագրուած Փշէ պսակի կտորները այնքան շատ են, որ, ըստ մասնագէտներու գնահատման, եթէ հաւաքուին, ապա չորսէ աւելի պսակ կը դառնան: Այդ նկարագրութեան մէջ նշուած են Սեն-Շափելի մէջ պահուող պսակի մէկ երրորդը, Հռոմէական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ երեք փուշը եւ այլն: Այսօր այն մասունքը, որ կը նկատուի Տիրոջ Փշէ պսակը, ամբողջական տեսքով Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարին մէջ եղածն է: Հաւատացեալներու եւ քրիստոնէական արժէքներու հետեւորդներուն համար, տաճարին հրդեհէն այս պսակին փրկուիլը շատ մեծ խորհուրդ ունի, մանաւանդ՝ Աւագ շաբթուան ընթացքին:

Այժմ բազմաթիւ հաւատացեալներ այն կարծիքին են, որ հրդեհէն առաջ շատ ալ գիտակից չէին, թէ որքան կապուած էին Նոթրը Տամին հետ եւ տաճարին բացումին կը սպասեն անհամբերութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:

Տաճարին մուտքը, ինչպէս ծանօթ է, անվճար էր, բայց հարցումներու հետեւանքով պարզ դարձած է, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պատրաստ են վճարելու, միայն թէ պահպանուի պատմական կառոյցը, որ համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոցներէն մին է:

Ողիղ հինգ տարի առաջ՝ ապրիլ ամսուն, հրդեհէն մեծապէս վնասուեցաւ Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական տաճարը: Ատկէ ետք ամբողջ աշխարհը վստահ էր, որ Փարիզ քաղաքը այլեւս պիտի չըլլայ այնպէս, ինչպէս որ էր: Սակայն ֆրանսական իշխանութիւնները ողջ աշխարհին խօսք տուին եւ նախեւառաջ՝ ֆրանսացիներուն խոստացան, որ տաճարը ո՛չ միայն ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուի, այլ նաեւ՝ աւելի փառահեղ եւ շքեղ տեսք պիտի ունենայ:

Անցնող տարիներուն տաճարը նորոգումի մէջ է եւ տակաւին ընթացքի մէջ է անոր վերականգնումը: Նախատեսուած է, որ պատմական այս տաճարին վերաբացումը կատարուի յառաջիկայ դեկտեմբերի 8-ին:

«2024-ը հպարտութեան տարի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք մասնակցած են տաճարի վերականգնման», ըսած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

Իսկ մինչեւ բացումը՝ տաճարի հրդեհման հինգ տարուան առթիւ շուտով ցուցադրութեան կը հանուին հրդեհի ժամանակ փրկուած կարգ մը իրեր, որոնք հրաշքով անվնաս մնացած են:

Հրդեհի ժամանակ պահպանուած են տասնեակ գանձեր, այդ կարգին՝ արուեստի գործեր, հնագոյն գիրքեր եւ մասունքներ, որոնք փրկուած են անասելի ճիգով, երբ ատոնք դուրս բերելու համար հրշէջներու, ոստիկանութեան եւ քաղաքային խորհուրդի աշխատակիցներու խումբ ստեղծուած է: Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող բազմաթիւ մասունքներ, սակայն, հրոյ ճարակ դարձած են:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նորոգութեան բերումով պրոնզէ կարգ մը արձաններ նախքան հրդեհը արդէն դուրս բերուած էին Մայր տաճարէն, որոնք նոյնպէս փրկուած են: Հրշեջները կանխած են կրակի՝ զանգակատուներ հասնիլը, որոնց փլուզումը, գրեթէ անկասկած, կը յանգեցնէր ճակատամասի փլուզման, ինչպէս նաեւ զանգակներու, մեծ երգեհոնի եւ փարիզեան յուշարձանի ապակենախշ պատուհաններու ոչնչացմանը:

Հրդեհէն ետք տաճարէն դուրս բերուած է 17-րդ դարու կրօնական կտաւներու եզակի հաւաքածոյ, որ կրակը հանգցնելու համար գործածուած ջուրին պատճառով խոնաւցած եղած է, բայց չէ վնասուած:

Տաճարէն փրկարարները դուրս բերած են նաեւ 13 նկար, որոնք 76 մեծ իւղաներկ կտաւներու շարքէն են, եւ որոնց հեղինակները Ֆրանսայի լաւագոյն նկարիչներն են. անոնք այդ նկարները նկարած են 1630-1707 թուականներուն: Նկարները կախուած եղած են տաճարի թոյլ լուսաւորուած կողային միջանցքներու մէջ, որոնք այցելուները յաճախ չէին նկատեր:

Այժմ այդ բոլորը հանրային ցուցադրութեան կը դրուին «Mobilier National»ի՝ Ֆրանսայի պատմական կառոյցներու պահպանման համար պատասխանատու մշակութային հաստատութեան փորձագէտներու կողմէ վերականգնումէն յետոյ: Այսպէս, այս ցուցադրութիւնը ձեւով մը նաեւ պատրաստութիւն կ՚ըլլայ դեկտեմբերին նախատեսուած վերաբացումին եւ այնուհետեւ ատոնք կը վերադարձուին վերաբացուած Աստուածամօր տաճաին:

Նոթրը Տամ տաճարին տեսուչը՝ Հայր Օլիվիէ Ռիպատօ Տումաս, անդրադառնալով եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներուն նշած է, որ Փարիզի Մայր տաճարը վերականգնումի աշխատանքներէն ետք շատ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնայ: Անոր բացումին կը սպասէ ողջ քրիստոնէական աշխարհը:

Հինգ տարի առաջ Եւրոպայի սրտին վրայ համաքրիստոնէական աննկարագրելի ողբերգութեան պատճառած ցաւը տակաւին նկատելի է: Ինչպէս յայտնի է՝ Փարիզի Նոթրը Տամ պատմական, հոյակերտ Մայր տաճարը հրոյ ճարակ դարձաւ նորոգութեան փուլի մէջ ծագած ահաւոր հրդեհին հետեւանքով, որ տեւեց շուրջ վեց ժամ։ Մարդիկ՝ արցունքն իրենց աչքերուն, անզօր եւ վհատ կը դիտէին 850 եւ աւելի տարիներու պատմութիւն ունեցող հսկային այրիլը: Աւագ շաբթուան նախորդող օրերուն էր, որ Փարիզի քրիստոնէական խորհրդանիշը այդպիսի վիճակի մէջ յայտնուեցաւ: Ոմանք այս հանգամանքին մէջ չարագուշակ իմաստներ փնտռեցին, մինչ շատեր խոհեմութեամբ զինուեցան՝ յոյսով, որ տաճարը կը վերականգնուի, այնպէս ինչպէս վերականգնած են պատմութեան ընթացքին հրոյ ճարակ դարձած բազմաթիւ կառոյցներ…

Այն հանգամանքը, որ հրդհէն մէկ շաբաթ առաջ տաճարէն իջեցուցած էին սուրբերու որոշ քանդակներ եւ տարած նորոգութեան՝ մարդոց սնահաւատութեան առիթ տուաւ, բայց փաստ է, որ ութ դարեր կանգուն մնացած տաճարը կարիքն ունէր նորոգման: Տաճարը առաջին անգամ չէ, որ նորոգումի եւ վերականգնումի կ՚ենթարկուէր, բայց առաջին անգամն էր, որ անփութութիւն դրսեւորուած է եւ հրդեհն ալ, հաւանաբար, անուշադրութեան հետեւանք էր:

Նորոգութիւն մը տեղի ունեցած է 1963 թուականի սկզբին, երբ տաճարին ճակատային հատուածը մաքրուած է դարերու ծուխէն եւ մուրէն եւ վերագտած իր իսկական գոյնը: Ուրիշ մաքրման եւ վերականգնման արշաւ մըն ալ սկսած էր 1991-2000 թուականներուն եւ բարեյաջող աւարտ ունեցած…

Փարիզի Մայր տաճարի պատերուն վրայ մինչ հրդեհը յառաջացած էին ճաքեր, պատերը տխուր տեսք ունէին եւ թեթեւ հպումի մը պարագային զբօսաշրջիկներուն գլխուն պատերէն ծեփեր կրնային իյնալ:

Այս պատճառով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ խրախուսանքով սկսած էին վերանորոգութեան աշխատանքներ՝ 6 միլիոն եւրօ պիւտճէով։ Այսօր արդէն տաճարը կառուցուելու եւ նոր շունչով ներկայանալու հրամայականին առջեւ կեցած է:

Տաճարին վերականգնումին հաւատքը տարածեցին Փարիզի կրօնական իշխանութիւնները եւ երկրին բարձրագոյն ղեկավարութիւնը՝ անձամբ նախագահ Մաքրոն, որ հրդեհի պահուն տաճար մտած եւ սրտի յուզումով տեսած է տարածուող կրակը: Մաքրոն տաճարին հրապարակէն անմիջապէս յայտարարած է ֆրանսացիներուն եւ ողջ աշխարհին, որ ուշի ուշով կը հետեւէր Փարիզի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն: Մաքրոն մասնաւորապէս ըսած է, որ տաճարը՝ Ֆրանսայի հպարտութիւնը, անպայման կը վերակառուցուի, եւ ինք այդ մէկը հանդիսաւոր կերպով կը խոստանայ ողջ աշխարհին:

Կոթիք ճարտարապետութեան ամենայայտնի դասական օրինակներէն մին է այս հոյակերտ եկեղեցին, որու աշտարակը կը հասնէր 96 մեթր բարձրութեան։ Հրդեհին հետեւանքով այդ աշտարակը փլուզուեցաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ տանիքի ամբողջութեամբ խոնարհուելուն:

Փարիզի Մայր տաճարի հիմնարկէքը կատարւած է 1163 թուականին. եւրոպական ճարտարապետութեան այս գլուխ գործոցը կառուցուած է Փարիզի եպիսկոպոս Մորիս տը Սիւլիի նախաձեռնութեամբ, կառուցումը աւարտին հասած է 1345 թուականին։ Տաճարին խորանի հատուածը օծուած է 1182 թուականին: Արեւմտեան ճակատին եւ աշտարակներուն կառուցումը աւարտած է 13-րդ դարու երկրորդ քառորդին: 1235 թուականին մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է. նաւի որմնանեցուկներուն միջեւ կառուցուած են մատուռներ, մեծցուած են որմածքին՝ շարուածքին չափերը, աւելցուած են դասի մատուռները եւ այլ կցակառոյցներ: Իր պատմութեան ընթացքին տաճարը քանիցս տուժած է, ինչպէս՝ ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ, բայց յետագային վերականգնուած է, նորոգուած են նաւի վարդակ պատուհանները եւ նոր ծայրաձող մը տեղադրուած է:

Ամէն տարի 13 միլիոն զբօսաշրջիկի այցելութեան վայրը, աղօթավայրը կը հանդիսանար այս փառահեղ ու փառաշուք եկեղեցին, որ նիւթ դարձած էր նաեւ Վիքթոր Հիւկոյի դասական վէպերէն մէկուն՝ «Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարը» վէպին: 1831 թուականին, վէպի հրապարակումէն ետք, տաճարին հանրաճանաչութիւնը վերածնած եւ տարածուած է ողջ աշխարհի մէջ: Առաջին անգամ վէպը տպագրուած է 1831 թուականի մարտին, իսկ հայերէնի թարգմանուած է 1953 թուականին, հայերէն թարգմանութիւն մըն ալ լոյս տեսած է 2012 թուականին՝ նախորդ թարգմանութեան հիման վրայ, որոշ սրբագրումներով: Այս վէպին մէջ ցնցողը թերեւս այն է, որ գեղարուեստական գրականութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ տաճարը ներկայացուած է որպէս գլխաւոր հերոս: Վէպը գրուած է տաճարը 19-րդ դարու սկիզբէն զայն քանդումէն եւ արդիականացումէն փրկելու համար, եւ ծառայած է իր նպատակին: Երբ որոշուեցաւ քանդել տաճարը եւ նոր կառոյց մը շինել՝ ծնաւ այս տաղանդաւոր վէպը, որ նոր ծնունդ տուաւ տաճարին:

Այդ վէպով ստեղծուած մթնոլորտին եւ շարժումին շնորհիւ, այդ ժամանակ Փարիզի Նոթրը Տամը ի հիմանէ վերանորոգուած էր։ Ինն հազար հոգի հիւրընկալելու տարողութիւն ունէր տաճարը, որ աշխարհի մեծագոյն կաթողիկէ Մայր տաճարն էր։ Այս շքեղ սրբավայրը կը մարմնաւորէր ֆրանսական պատմութեան առանցքային իրադարձութիւնները, ինչպէս Նափոլէոն Ա. թագաւորի թագադրութեան արարողութիւնը, որ տեղի ունեցած էր այնտեղ։ Ֆրանսայի արդի պատմութեան վառ անհատականութիւններու անուններն ալ առընչուած են տաճարին հետ, ուր տեղի ունեցած էին զօրավար Տը Կոլի, Ժորժ Փոմփիտուի եւ Ֆրանսուա Միթերանի նման պետական գործիչներու յուղարկաւորութիւնները: Դարերու ընթացքին բազում ուրախ կամ դժբախտ դէպքերու կոթողային այս վկան այսպիսի անփառունակ ճակատագիր ունեցաւ, որը, սակայն, այլ ընթացք բացաւ անոր կենսագրութեան մէջ: Սեն գետի կղզեակներէն մէկուն վրայ երկինք խոյացած այս գլուխ գործոցի անհետացումը ծանր ազգային եւ նաեւ՝ անձնական վիշտ դարձած է շատ մը ֆրանսացիներու համար: Ֆրանսացի պատմաբանները կ՚ընդգծէին, որ Փարիզի Նոթրը Տամը աւելի քան ութ դարէ ի վեր կը վերահսկէր ֆրանսական մայրաքաղաքի ընթացքը։ Այժմ բոլորը նոր էջ կը սպասեն Փարիզի հա-մար, որ պիտի բացուի տաճարի բացումով:

 

ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔԸ՝ ՓՐԿՈՒԱԾ

2012 թուականին Ֆրանսան մեծ շուքով, զանազան հանդիսութիւններով, նշեց տաճարին 850-ամեակը եւ այն ժամանակ յայտարարուեցաւ, որ տաճարին մէջ կը պահուի աշխարհի ամենէն մեծ երգեհոնը: Երգեհոնը նոյնպէս փրկուած է վերջին աղէտէն:

Սակայն, տաճարին սրբազան մասունքը, անշուշտ, Փշէ պսակն է, որ, յուրախութիւն հաւատացեալներուն, նոյնպէս փրկուած է հրդեհէն եւ ապահով դուրս հանուած տաճարէն: Փշոտ բոյսերէ պատրաստուած պատմական այս պսակը, Աւետարանին համաձայն, հռոմէացի զինուորները, Յիսուս Քրիստոսը ծաղրած միջոցին, դրած են Անոր գլխուն: Աւետարանին մէջ չի նշուիր, թէ պսակը ե՛րբ հանած են Յիսուս Քրիստոսի գլուխէն եւ ծանօթ է, որ բազմաթիւ նկարիչներ, երբ խաչելութեան տեսարանը կը մեկնաբանեն, Քրիստոսը նկարած են Փշէ պսակը գլխուն եւ մինչեւ հիմա յաճախ այդպէս կը պատկերեն Քրիստոսը: Եփեսոսի թեմի առաջնորդ Նիքոլայ Մեսարիտ (12-րդ դար, 13-րդ դարու սկիզբ), որ աստուածաբան, եկեղեցական եւ քաղաքական գործիչ էր, կը յայտնէ, որ 1201 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Աստուածածնայ անունը կրող եկեղեցիէն ներս, ուր նախատեսուած էր կայսեր եւ անոր ընտանիքին ներկայութեամբ պատարագներ կատարել, ինչպէս նաեւ տօնական պատարագներ՝ Աւագ հինգշաբթի եւ Աւագ ուրբաթ օրերուն համար, կը պահպանուէին Քրիստոսի Փշէ պսակը, Քրիստոսի թիկնոցանման զգեստը, Քրիստոսի գաւազանը, Անոր խարազանանման մտրակը, սուրբ մեխը, նիզակը, Քրիստոսի ոտնամաններէն կտորներ, որոնք Յովհաննէս կայսր Չմշկիկ 975-ին բերած էր Պաղեստինէն:

1204-ին՝ 4-րդ խաչակրաց արշաւանքին ժամանակ, Կոստանդնուպոլիսը թալանուած է: Այնտեղ եղած մասունքները դուրս բերուած են խաչակիրներուն կողմէ, այդ կարգին նաեւ՝ Փշէ պսակը: 1239-ին Լիւտովիկոս Սրբազանը Պալտուին Բ. լատին կայսրէն գնած է պսակը, ըստ որոշ տուեալներու, հսկայական գումար վճարելով անոր համար՝ 135 հազար լիրա: Աւելի ստոյգ տեղեկութեան մը համաձայն՝ Փշէ պսակը գրաւ դրուած էր վենետիկցիներուն, որոնց քովէն զայն գնած է Լիւտովիկոս Սրբազանը: 1239 թուականի օգոստոսին Փշէ պսակը բերուած է Փարիզ, իսկ աւելի ուշ Փարիզ տարուած են Տիրոջ Խաչափայտը, նիզակը, Հին ու Նոր կտակարաններուն մէջ յիշատակուող ուրիշ իրեր: Սրբազան մասունքներուն պահպանութեան համար Լիւտովիկոս արքան հրամայած է առանձնայատուկ եկեղեցի մը կառուցել եւ կառուցուած է Սեն-Շափել եկեղեցին, որ արքայական պալատին մատուռն է, որուն հիմքը դրուած է 1242-ին: Մինչ այդ, նոյն 1239-ին, Փշէ պսակը ժամանակաւորապէս դրուած է քաղաքային տաճարին մէջ:

1543-ին Ժան Քալվին գրած է «Մասունքներու մասին շարադրանք» աստուածաբանական աշխատութիւնը, ուր նկարագրուած Փշէ պսակի կտորները այնքան շատ են, որ, ըստ մասնագէտներու գնահատման, եթէ հաւաքուին, ապա չորսէ աւելի պսակ կը դառնան: Այդ նկարագրութեան մէջ նշուած են Սեն-Շափելի մէջ պահուող պսակի մէկ երրորդը, Հռոմէական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ երեք փուշը եւ այլն: Այսօր այն մասունքը, որ կը նկատուի Տիրոջ Փշէ պսակը, ամբողջական տեսքով Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարին մէջ եղածն է: Հաւատացեալներու եւ քրիստոնէական արժէքներու հետեւորդներուն համար, տաճարին հրդեհէն այս պսակին փրկուիլը շատ մեծ խորհուրդ ունի, մանաւանդ՝ Աւագ շաբթուան ընթացքին:

Այժմ բազմաթիւ հաւատացեալներ այն կարծիքին են, որ հրդեհէն առաջ շատ ալ գիտակից չէին, թէ որքան կապուած էին Նոթրը Տամին հետ եւ տաճարին բացումին կը սպասեն անհամբերութեամբ եւ երկիւղածութեամբ:

Տաճարին մուտքը, ինչպէս ծանօթ է, անվճար էր, բայց հարցումներու հետեւանքով պարզ դարձած է, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ պատրաստ են վճարելու, միայն թէ պահպանուի պատմական կառոյցը, որ համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոցներէն մին է:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...