Հայկական «Բազումք» տիեզերական հետազօտութիւններու տարրալուծարանի եւ «Գիտական նորարարութեան եւ կրթութեան կեդրոն»-ի (CSIE) համատեղ աշխատանքներու շնորհիւ ստեղծուած եւ «Հայասաթ-1» անուանումը ստացած հայրենական առաջին արբանեակը տիեզերք պիտի արձակուի դեկտեմբեր 1-ին
Ինչպէս կը տեղեկանանք «Բազումք»-ի դիմատետրեան էջէն, արբանեակը տիեզերք պիտի արձակուի Երեւանի ժամանակով 22:18-ին SpaceX ընկերութեան Falcon-9 հրթիռով:
Նշենք, որ թռիչքը նախատեսուած էր նոյեմբեր 29-ին, սակայն որոշ սահմափակումներու պատճառով SpaceX ընկերութիւնը երկու օրով յետաձգած է Falcon-9 հրթիռի արձակման օրը, որու հետեւանքով «Հայասաթ-1»-ը եւս ուղեծիր պիտի արձակուի նախատեսուածէն ուշ։