image

Ալիեւ բողոքած է Օ'Պրայենի «կողմնակալ» յայտարարություններէն. Պլինքըն առաջարկած է, որ իր օգնականը դեկտեմբերին այցելէ Ատրպէյճան

Ալիեւ բողոքած է Օ'Պրայենի «կողմնակալ» յայտարարություններէն. Պլինքըն առաջարկած է, որ իր օգնականը դեկտեմբերին այցելէ Ատրպէյճան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բողոքած է, որ 2023 թուականի նոյեմբեր 15-ին Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի Եւրոպայի գծով ենթայանձնաժողովի լսումներու ժամանակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընն Ատրպէյճանի վերաբերեալ «կողմնակալ» յայտարարութիւններ ըրած է:

Անոր խօսքով՝ ատոնք «չեն արտացոլեր ճշմարտութիւնը» եւ կը մերժուին Ատրպէյճանի կողմէ, գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն առաջարկած է, որ Օ'Պրայընը դեկտեմբերին այցելէ Ատրպէյճան։ Ալիեւ համաձայնած է այս առաջարկին`պայմանով, որ այս այցէն ետք Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար Միացեալ Նահանգներ մեկնելու արգելքը կը վերացուի։

Նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընը համաձայնած է: