image

Ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է ենթափողային նռնականետ. արձակուած է 350 կրակոց

Ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է ենթափողային նռնականետ. արձակուած է 350 կրակոց

Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը  խախտած է շուրջ 35 անգամ,  որուն ընթացքին, տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հայ  դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան  350 կրակոց: Հիւսիսային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ենթափողային նռնականետ (2 արկ):

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: