Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 35 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 350 կրակոց: Հիւսիսային ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ենթափողային նռնականետ (2 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն: