image

Կրակոցներ Ապխազիոյ խորհրդարանի մօտ. պատգամաւորներէն մէկը մահացած է

Կրակոցներ Ապխազիոյ խորհրդարանի մօտ. պատգամաւորներէն մէկը մահացած է

Սուխումի մէջ` Ապխազիոյ խորհրդարանի շէնքի մօտ, կրակոցներ հնչած են։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Sputnik Աբխազիա»ն:

«Պատգամաւորներ Քան Քվարչիան եւ Վախթանկի Կոլանզիան տեղափոխուած են հանրապետական հիւանդանոց։ Կոլանզիան մահացած է հիւանդանոցին մէջ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՆԳՆ նախարարի պաշտօնակատար Ռոպերթ Քիութը յայտնած է, որ կասկածեալը պատգամաւոր Ատկուր Խարազիան է, որ փախած է դէպքի վայրէն։

Ապխազական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով`այսօր խորհրդարանին մէջ հանքարդիւնաբերութեան արգելքի մասին օրինագիծի քննարկման ժամանակ Ատկուր Խարազիան եւ Քան Քվարչիան վիճած են, Խարազիան հանած է զէնքը եւ կրակած Քվարչիայի ուղղութեամբ։ Վախթանկ Կոլանզիան փորձած է բաժանել անոնց։